Հոգևոր կայքէջՀոգևոր կայքէջ
  • Լուրեր
    • Նորություններ
    • Հարցազրույցներ
    • Սոցկայքեր
  • Հոգևոր
    • Գրադարան
    • Կայքեր և էջեր
    • Ձայնադարան
    • Երգեր
    • Տեսանյութեր
    • Եկեղեցական տոներ
    • Աղոթքներ
    • Տոնացույց 2023 թ.
  • Կրթական
    • Քարոզներ
    • Պահք
    • Ս. Պատարագ
    • Վանքեր և եկեղեցիներ
    • Վարք սրբոց
    • Քրիստոնեական
    • Առակներ
    • Աղանդներ
    • Եկեղեցական պատմություն
  • Աստվածաշունչ
    • Սուրբգրային ընթերցվածքներ
    • Աստվածաշունչ (Առցանց)
Պահպանված նյութեր Ավելին
Վերջին հրապարակումները
Dania baregortsakan khumb 1
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ընդունեց «Դանիական-հայկական բարեգործական առաքելություն» ՀԿ անդամներին
Նորություններ
Germania barekamakan khumb 4
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ընդունեց Գերմանիա-Հարավային Կովկաս բարեկամական խմբի պատվիրակությանը
Նորություններ
Astvacashunch1
Մարտի 21 Գշ. ԳԿ. Լ օր Մեծի Պահոց
Ընթերցումներ Սբ. Գրքից
Astvacashunch1
Մարտի 20 Բշ. ԳՁ. ԻԹ օր Մեծի Պահոց
Ընթերցումներ Սբ. Գրքից
Apshkharutyun
Ապաշխարություն. մեկնում է Տ. Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրյանը (տեսանյութ)
Տեսանյութեր
Aa
Հոգևոր կայքէջՀոգևոր կայքէջ
Aa
  • Լուրեր
    • Նորություններ
    • Հարցազրույցներ
    • Սոցկայքեր
  • Հոգևոր
    • Գրադարան
    • Կայքեր և էջեր
    • Ձայնադարան
    • Երգեր
    • Տեսանյութեր
    • Եկեղեցական տոներ
    • Աղոթքներ
    • Տոնացույց 2023 թ.
  • Կրթական
    • Քարոզներ
    • Պահք
    • Ս. Պատարագ
    • Վանքեր և եկեղեցիներ
    • Վարք սրբոց
    • Քրիստոնեական
    • Առակներ
    • Աղանդներ
    • Եկեղեցական պատմություն
  • Աստվածաշունչ
    • Սուրբգրային ընթերցվածքներ
    • Աստվածաշունչ (Առցանց)
Հետևեք մեզ:
  • Պահպանված նյութեր
© 2010 - 2022թթ․ Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են:
Sahak eps. Mashalyan
Հոգևոր կայքէջ > Լրահոս > Եկեղեցական քարոզներ > Սահակ եպիսկոպոս Մաշալյանի քարոզը՝ խոսված Համբարձման տոնին
Եկեղեցական քարոզներ

Սահակ եպիսկոպոս Մաշալյանի քարոզը՝ խոսված Համբարձման տոնին

Published 24 Մայիսի, 2017
Կարդալու տևողություն՝ 13 րոպե:
ԿԻՍՎԵԼ

«Անուամբ Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. Ամէն»:
«Ոչ ոք երկինք ելաւ բացի մարդու Որդիէն, որ երկինքէն իջաւ եւ որ տակաւին երկինքն է»:
(Հովհ. Գ 13)

 Տէր Յիսուս Քրիստոս այսպէս վկայեց Իր անձին համար: Տէր Յիսուս Քրիստոս ամբողջ մարդկութեան համար մեծագոյն հանելուկ է, որովհետեւ թէեւ շատ կը նմանի մեզի, նոյն մարմինը եւ նոյն մարդկային բնութիւնը կը կրէ, բայց նաեւ շատ տարբեր է մեզմէ, որովհետեւ Աստուած է Աստուծմէ, եւ Լոյս է Լոյսէ: Ինքը յատուկ առաքելութեամբ իջաւ աշխարհ, մեզի սորուեցուց ով է մարդը, եւ ով է Աստուած եւ Խաչ մը շալկեց մեզի համար, դէպի Գողգոթա տարաւ եւ մեր մեղքերուն համար փրկագինը վճարեց, քաւեց մեր հոգիները Խաչին վրայ, թաղուեցաւ, երրորդ օրը յարութիւն առաւ, քառասուն օր յարութիւն առած ցոյց տուաւ իրեն Իր աշակերտներուն տարբեր առիթներով։

 Քառասուներորդ օրը, Ան աշակերտներու հետ հաւաքուած՝ Իր վերջին պատգամները յանձնեց եւ աշակերտներու աչքին առջեւ երկրէն դեպի երկինք բարձրացաւ. լուսաւոր ամպ մը ծածկեց զինք, եւ այլեւս չէին տեսներ: Հրեշտակները երեւցան եւ ըսին, որ «ինչո՞ւ երկինք կը նայիք, այն Յիսուսը, որ տեսաք այսպէս երկինք համբարձաւ, նոյնպէս վերստին պիտի գայ»:

 Սիրելի հաւատացեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօր մեր Եկեղեցւոյ մեծագոյն տօներէն մէկը կը տօնենք: Մեծագոյն տօներէն մէկն է, բայց թերեւս ամէնէն քիչ հասկցուած: Անոր համար թերեւս երբոր մեր ժողովուրդը լաւ չէ հասկցած այս տօնը, «ջանգյուլում ջանիվեր» կոչած է: Քանի որ շատ խորունկ իմաստ ունի այս տօնը, եւ իմ քարոզս ալ բաւարար չէ անոր բոլոր աստուածաբանական մանրամասնութիւնները ներկայացնելու ձեզի: Բայց եթէ ընդհանուր գիծերով ներկայացնէինք, պիտի տեսնէինք որ այս աշխարհին վրայ մեր կեանքին իմաստը կը պարունակուի այս տօնի իմաստին մէջ: Մեր կեանքը տարօրինակ կերպով երկար է եւ կարճ, որպէսզի մենք իւրացնենք այս աշխարհը եւ նոյնացնենք մեր անձը այս աշխարհին հետ: Շատ հեշտ կերպով կ՚ընդունինք, որ այս աշխարհը մեր տունն է։ Սակայն եւ այնպէս կեանքը բաւական կարճ է նաեւ, որպէսզի մենք նայինք եւ ըսենք, որ «չէ, մեր տունը չէ, մենք պանդուխտ ենք հոս, պիտի երթանք եւ պիտի փոխադրուինք ուրիշ ոլորտ, ուրիշ աշխարհ. ո՞ւր պիտի երթանք, ի՞նչ է մարդկութեան ճակատագիրը»:

 Տէր Յիսուս երբ Իր առաքեալներու հետ կը խօսէր, ըսաւ. «Ուր որ Ես եմ, դուք ալ հոն պիտի ըլլաք: Ես կերթամ Հօրս տունը եւ հոն շատ բնակարաններ կան. եթէ երթամ, ձեզի տեղ պիտի պատրաստեմ: Պէտք է, որ Ես երթամ, որպէսզի Սուրբ Հոգին ուղարկեմ ձեզի: Եթէ Ես չերթամ, Սուրբ Հոգին չի գար: Սուրբ Հոգին պիտի գայ եւ Ան Ինձմէ պիտի առնէ եւ պիտի տայ ձեզի»:

 Այս պատճառով Տէր Յիսուս Քրիստոս երկինք համբարձաւ: Մենք ալ նոյն ճակատագիրը պիտի բաժնենք Անոր հետ, եթէ հաւատարիմ մնանք համբարձեալ Տիրոջը: Մենք Անոր հետ պիտի ըլլանք, եթէ այսօր անոր հետ ենք: Տէր Յիսուս երկինք համբարձաւ. Դժբախտաբար երկինք բառը մենք լաւ չենք հասկնար: Ինչպէս որ երբ տիեզերագնաց Գագարինը անջրպետ ելաւ, սովետները անոր ըսել տուին, որ մենք գացինք երկինք եւ հոն չգտանք Աստուած: Որովհետեւ երկինք բառը, որ մենք կը գործածենք Աւետարանի մէջ, անջրպետ ըսել չէ: Երբ որ կը գոչենք մենք, «Հայր մեր, որ յերկինս ես», ուրիշ բանի մասին է մեր խօսքը: Ճիշդ ա՛յստեղ ալ կրնայ ըլլալ երկինքը, բայց մենք կարող չենք մեր զգայարանքներով զգալ անիկա: Թերեւս արդի ժամանակներու լաւագոյն օրինակը եթէ բերենք, այս միջոցին, այս տաճարին մէջ հեռուստացոյցի, բջջային հեռախօսի բոլոր կայանները ներկայ են, մեր մէջ են, մեր մէջէն կանցնին, բայց մենք չենք զգար: Հետեւաբար Սուրբ Գիրքը մեզի կը սորուեցնէ, որ երկինքը շատ հեռու չէ մեզմէ. հոս են հրեշտակները, հոս են մեռելներու հոգիները, հոս է Աստուծոյ Սուրբ Հոգին, շատ մօտ են մեզի: Ի՞նչ է երկինքը. թերեւս կրնանք հասկնալ Տէր Յիսուսի երկու խօսքէն: Տէր Յիսուս ըսաւ. «Հայր մեր, որ յերկինս ես», իսկ ուրիշ ատեն ալ ըսաւ, որ «երբ որ աղօթես, մտիր քու ներքին սենեակդ եւ հոն աղօթէ գաղտնապէս Երկնաւոր Հօրդ»: Հետեւաբար այն երկինքը, որ Յիսուս կը կոչէ ‹‹Հայր մեր, որ յերկինս ես››, տարօրինակ կերպով մեր սրտին մէջն է: Ամէն մարդ իր սրտին մէջ կտոր մը երկինք կը կրէ: Եւ Տէր Յիսուս համբարձաւ, որպէսզի այդ երկինքէն ներս մտնի մեր ներքին սենեակը, մեր հոգին: Յիսուս չհամբարձաւ, որպէսզի հեռանայ մեզմէ, այլ Յիսուս համբարձաւ երկինք, որպէսզի այդ երկնքի ճամփով մտնէ մեր իւրաքանչիւրի սրտին մէջ, կեանքին մէջ, շատ մօտենայ մեզի: Երբ որ լոյսը կը բարձրացնես, որքան բարձրացնես, այնքան ընդարձակ տարածք կը լուսաւորէ: Տէր Յիսուս երկինք համբաձաւ, ուրկէ իջած էր արդեն։ Ան Աստուածութեան Իր Աթոռին բազմեցաւ եւ հոնկէ Սուրբ Հոգին կ՚ուղարկէ մեզի։ Նաեւ Իր մարդկութիւնը կուղարկէ մեզի Սուրբ Հոգիի միջոցով, որ կը տարածուի եւ կը թափանցէ բոլոր խորհուրդներուն մէջ, զորս մենք կը կատարենք` մկրտութիւն, հատկապէս Սուրբ Հաղորդութիւն, դրոշմ, ձեռնադրութիւն. այդ բոլորին մէջ Սուրբ Հոգին կը կրէ Յիսուս Քրիստոսը մեզի եւ մենք կը միանանք Անոր հետ:

 Տէր Յիսուս չհեռացաւ համբառնալով: Ան որպէս Յիսուս Նազովրեցի՝ մարմնացեալ մարդ էակ, միայն սահմանափակ թիւով մարդոց կրնար խօսիլ եւ աշակերտ դարձնել հազիւ տասներկու հոգի։ Բայց երբ որ համբարձաւ, այլեւս կրնար ըսել արդարապէս. «Երկու կամ երեք հոգի երբ որ Իմ անունովս հաւաքուիք, Ես հոն պիտի լինիմ», որովհետեւ Տէր Յիսուս Քրիստոս երկինքն է: Աս մեծ տօն է մեզի համար, մեծ աւետիս է, եւ մենք այս աւետիսով կապրինք մկրտութեան մեր խնդրած հաւատքը, յոյսը եւ սէրը։ Այս տօնը յատկապէս մեր յոյսի հանգամանքը կը պարունակէ։ Յիսուս Քրիստոս համբարձաւ, եւ վերստին պիտի վերադառնայ, որովհետեւ Իր գործը աշխարհի վրայ կէս թողուց Յիսուս: Տակաւին կատարուած չէ: Պիտի կատարուի, բայց անոր համար Ինքը տնօրինեց, որ ժամանակ մը անցնի, որպէսզի այս բարի լուրը աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն հասնի, քարոզուի եւ մարդիկ այս լոյսը, այս յոյսը իմանան, հաւատքի գան։ Վերջ պիտի չգայ մինչեւ որ այս Աւետարանը համայն մարդկութեան քարոզուի: Իր խոստումին համաձայն Տէր Յիսուս Քրիստոս վերստին պիտի գայ աշխարհ Իր գործը աւարտելու համար: Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, հայ ժողովուրդը այս աւետիսին ամէնէն առաջ հաւատացողներէն է: Եւ երբ որ մենք մեր ճակատագիրը միացուցինք Տէր Յիսուս Քրիստոսին հետ, երբ մեծ առաքեալը` Գրիգոր Լուսաւորիչը եւ մեր ամբողջ ազգը ուղղուեցան դէպի Քրիստոս, եւ մենք նորոգուեցանք, Տէրը Ինքը իջաւ երկնքէն, երեւեցաւ Գրիգոր Լուսաւորչին, այս տաճարը ցոյց տուաւ, հիմնեց այս հրաշափառ տաճարը: Մեր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ իրականացաւ Տիրոջ խոստումը լիուլի. «Եկեղեցիս կը հիմնեմ այն ժայռի վրայ, եւ մահուան դուռները, դժոխքի դուռները պիտի չհաղթեն անոր»:

 Ահա՛, շարունակուող այս փառաւոր պատմութեան կարեւոր մէկ հանգրուանը կը տօնենք նաեւ այսօր: 1441-ին մեր ազգին համար մեծ դէպք մը պատահեցաւ. ազգային յիշողութեան մէջ անիկա տեղաւորուեցաւ, պեղուեցաւ, եւ այդ դէպքը տօնի վերածուեցաւ: Եւ մենք կը յիշենք Հայրապետական Աթոռի փոխադրութիւնը Կիլիկիայէն, Սիս քաղաքէն դէպի Սուրբ Էջմիածին: Երբ որ 301 թ. Գրիգոր Լուսաւորիչ տեսաւ այդ տեսիլքը, եւ այս տաճարը հիմնուելու սկսաւ, 484 թ. արդեն մեր հայրերը, դժբախտաբար, Հայրապետական Աթոռը ստիպուեցան ուրիշ տեղեր փոխադրելու. Դուին գնաց, Արգինա գնաց, Անի գնաց, Անիէն Կիլիկիա իջաւ, Հռոմկլա, ապա Սիս, որովհետեւ հայութեան պատմութիւնը կը ստիպէր, որ հայը գաղթէ: Եւ այս Աթոռը այնքան հաստատուած էր Հայոց սրտին, այնքան միացած էր անոր էութեան հետ, որ հայութիւնը չէր կրնար ըլալ առանց Հայրապետական Աթոռի ներկայութեան: Հետեւաբար պահեր եկան, որ մենք պատմութեան մէջ գրեթէ ամէն ինչ կորսնցուցինք, բայց տէր դարձանք այս Աթոռին ի գին ամէն ինչի, որովհետեւ բաներ կան, որ մենք կը պահպանենք, յետոյ այդ բաները մեզ կը պահպանեն: Երբ որ 1375-ին վերջին հայկական թագաւորութիւնն ինկաւ Կիլիկիայի մէջ, այլեւս Կիլիկիան մնաց հայութեան, ամբողջ հայութեան եզրին բնագաւառ մը: Կապը խզուեցաւ ամբողջ հայութեան հետ: Այնպէս որ ամբողջ հայութեան խնդիրներուն հետ այլեւս Սիսի կաթողիկոսը չէր կրնար զբաղիլ: Հետեւաբար մեր նախնիները, մեր մեծամեծները հաւքուեցան եւ նոյնիսկ Սիսի կաթողիկոսի օգնութեամբ, օրհնութեամբ եւ հաւանութեամբ Աթոռն առին եւ տարին Սուրբ Էջմիածին՝ իր օրրանը, ուր հիմնուած էր: Եւ հոս 1441-ին մեծ ազգային եկեղեցական ժողով հաւքուեցաւ երեք հարիւր պատուիրակներով. չորս արքեպիսկոպոս, տասնվեց եպիսկոպոս, քսանմէկ վարդապետ, քահանաներ, եւ Եկեղեցւոյ բոլոր դասերու ներկայացուցիչները հաւքուեցան եւ Աթոռը հոս վերահաստատեցին:
Սիրելիներ, երբ որ օրացոյցին մէջ նայինք մենք, այս օրը սա պէս կը նշուի. «Յիշատակ տեղափոխութեան Հայրապետական Աթոռոյն Հայոց ի Սսոյ ի Սուրբ Էջմիածին»: «Ի սուրբ Սիս» չըսէր: Թէեւ Հայրապետական Աթոռը Սիս գտնուեցաւ երկար տարիներ, բայց Սիս քաղաքը սուրբ չէր: Անի վայելուչ քաղաք է, բայց երբէք սուրբ Անի չանցնիր մեր գրականութեան մէջ: Երկու քաղաք կայ, որ մենք սուրբ կանուանենք. Սուրբ Երուսաղէմ եւ Սուրբ Էջմիածին: Սուրբ Երուսաղէմ, որովհետեւ Աստուծոյ Որդին երկինքէն իջաւ հոն քալեց եւ Իր առաքելութիւնը կատարեց եւ երկինք համբարձաւ: Սուրբ Էջմիածին, որովհետեւ Աստուծոյ Որդին իջաւ այս հողին եւ սրբացուց այս հողը եւ այժմ Ան պատրաստ է մեր բոլորին յարութիւն տալու եւ Իր գտնուած տեղը տանելու:

 Սիրելիներ, երբեմն մենք մեր արժէքներուն յարկը շատ չենք գիտեր դժբախտաբար: Դուրսէն երբեմն աւելի լաւ կերեւի: Երբ որ Հայրապետական Աթոռը ինը հարիւր տարի շրջեց, յետոյ հասկցան, որ ուրիշ ճար չկայ. պէտք է դառնայ իր ծննդավայրը, ուր հիմնուած էր: Էջմիածինցիները Էջմիածնի արժէքը լաւ չեն գիտէր այսօր: Մենք` սփիւռքահայերս, աւելի լաւ գիտենք. մեր եկեղեցիներուն, մեր դպրոցներուն, մեր տուներուն մէջ այս տաճարի նկարները կան, Հայրապետի նկարները կան, հայոց կաթողիկոսի, որ մեր միութեան խորհրդանիշն է: Մեր ազգի եւ Եկեղեցու տեւողութեան մեծագոյն խորհրդանիշներ են ասոնք, մեծ սրբութիւն են, եւ դարերու ընթացքին, երբ որ մարդիկ ուզել են հայերը օգտագործել իրենց շահերուն համար, այս Եկեղեցին գտել են իրենց դիմացը: Հետեւաբար հասկացել են, որ առանց այս Եկեղեցին անցնելու չեն կրնար հասնիլ իրենց քաղաքական, տնտեսական նպատակներուն: Ի՞նչ ըրած են. եկած են եւ հայերուն ըսել են, որ ձեր Եկեղեցին սխալ է, ձեր Եկեղեցին տկար է, ձեր եկեղեցականները տգէտ են, ձեր Եկեղեցին լուսամիտ չէ, ձեր Եկեղեցին յետամնաց է, Էջմիածինը կարող չէ հայութիւնը միացնելու: «Ապա ի՞նչ պիտի ընենք», հարց տուեր են մերինները։ Պատասխանը եղեր է. «Աւելի փայլուն կենտրոններ կան Փենսիլվանիայի մէջ, Նիւ Եորքին մէջ, Հռոմի մէջ աւելի հզօր եւ հարուստ կենտրոններ»:

 Եւ եկած են հոս: Իրենց միսիոներներով եկած են, իրենց դրամներով եկած են, իրենց դպրոցներով, քոլեջներով, իրենց տպարաններով եկած են եւ ըսած են, որ այս Աթոռը այլեւս հայերը չեն կրնան ներկայացնել: Այս Աթոռը մինչեւ որ մնայ, հայութիւնը երբեք պիտի չզօրանայ, հետեւաբար պէտք է որ Հռոմի հետ միանայ: Եւ համոզած են, եւ խոշոր մեծ բաժին խլել են, որսել են մեր ժողովրդին: Հարիւր տարի յետոյ անգլիացիները, գերմանացիները, ամերիկացիները եկած են: Անոնք ալ ըսած են, որ այս Աթոռը իր գործը չի կրնար ընել: Իրենց գործը, սակայն, Աթոռի հետ չէ հարկաւ. իրենց գործը հայ ժողովուրդը որսալն է: Եւ միշտ այսպէս եղած է. Եկեղեցին վարկաբեկած են, եկեղեցականները վարկաբեկած են եւ այս պրոպագանդայով հաւատալ տուած են, որ փրկութիւնը ուրիշ տեղ է հայու համար: Եւ մենք միշտ կորսնցուցեր ենք: Յետոյ կուսակցութիւնները ելել են, ուժ ունենալու համար հայոց ժողովրդին մէջ՝ ուզել են, որ Հայոց Եկեղեցիի իշխանութիւնը խորտակեն: Հոն գտեր են իրենց շահը: Եւ բաժանբաժան եղել են: Եւ Մեծ եղեռնը ահա՛ մեզի այս վիճակին մէջ բռնած է` բաժան-բաժան եղած:

 Հայ ժողովուրդը չհաւատալով իր արժէքներուն, իր Եկեղեցիին, իր Հայրապետին, կորսուեր է յաճախ։ Եւ սիրելիներ, հիմա, այսօր, օդին մէջ կրկին որսի հոտ կայ: Նորէն որոշ մարդիկ հայ ժողովուրդը խլել կուզեն իրենց նպատակներու համար եւ նորէն Եկեղեցիին վրայ կը յարձակին, նորէն հայրապետութեան կը յարձակին, նորէն մեր քահանաներուն կը յարձակին: Ինչո՞ւ համար. մենք այս կինոն աւելի առաջ տեսած էինք. որովհետեւ Հայաստանը կը զօրանայ, որովհետեւ հայութիւնը իր արժէքները վերստին կը գտնէ Եկեղեցիին շուրջը հաւաքուած: Պէտք է գտնէ հարկաւ. որովհետեւ եթէ գտնէ, մենք մենք ըլլանք, մենք հայ կըլլանք, մենք քրիստոնեայ կըլլանք, մեր շահերը մենք կը պաշտպանենք:

 Սիրելինե՛ր, եկէք մեր աղօթքը միացնենք այս Հայրապետական Աթոռի համար։ Երբեք չկորսնցնենք Աստուծոյ յիշատակը, Աստուծոյ սրբութիւնը. մենք անկատար եկեղեցականներ ենք, բայց այս Եկեղեցիին մէջ Քրիստոս իջել է եւ հոս է միշտ, եւ Ա՛ն է որ մեր բոլոր անկատարութիւնները կատարելութեան կը վերածէ: Հիմա աղօթք պիտի կարդանք, հանդէս պիտի կատարենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ մեր սիրելի Հայրապետի համար: Ուրեմն եկէք մեր աղօթքները միացնենք նաեւ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Գարեգին Երկրորդի համար որպէսզի Տիրոջ օրհնութիւնը զօրավիգ ըլլայ անոր եւ եկեղեցաշէն նորանոր իրագործումներով զարդարէ անոր առաքելութիւնը: Ամէն։

Տ. ՍԱՀԱԿ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՄԱՇԱԼՅԱՆԻ ՔԱՐՈԶԸ՝
ԽՈՍՎԱԾ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐՈՒՄ
ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՈՆԻՆ ՄԱՏՈՒՑՎԱԾ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
(1 մայիսի 2008 թ.)

Աղբյուր՝ Սուրբ Էջմիածնի պաշտոնական ամսագիր. 2008. 05.

Կիսվել նյութով
Facebook Twitter Whatsapp Whatsapp Telegram Copy Link Print
Կիսվել
Նախորդ նյութը garegin b ef321 Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ցավակցագիր է հղել Միացյալ Թագավորության վարչապետին
Հաջորդ նյութը Aram arq. Ateshyan Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշյանն այսօր հրաժարական է տվել

Հետևեք մեզ սոց կայքերում

24.5k Followers Like
Twitter Follow
Instagram Follow
Youtube Subscribe
Telegram Follow

Լրահոս

Dania baregortsakan khumb 1
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ընդունեց «Դանիական-հայկական բարեգործական առաքելություն» ՀԿ անդամներին
Նորություններ
Germania barekamakan khumb 4
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ընդունեց Գերմանիա-Հարավային Կովկաս բարեկամական խմբի պատվիրակությանը
Նորություններ
Tangaranneri dramashnorh 6
Տեղի ունեցավ Մայր Աթոռի Թանգարաններին հատկացված դրամաշնորհի համաձայնագրի ստորագրման պաշտոնական արարողությունը (նկարներ)
Նորություններ
Iraqi barekamakan khumb 1
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ընդունեց Իրաք-Հայաստան բարեկամական խմբի պատվիրակությանը
Նորություններ
Mijinq
Միջինք
Պահքի մասին

Ընթերցեք նաև

Arshak eps 325
Եկեղեցական քարոզներ

Տ. Արշակ Եպիսկոպոս Խաչատրյանի քարոզը Խաչվերացի տոնին

11 Սեպտեմբերի, 2022
Barsex kesaraci
Եկեղեցական քարոզներ

Սբ Բարսեղի խոսքը (Ընթերցվում է Ավագ հինգշաբթի` Ս. Հաղորդությունից առաջ)

11 Ապրիլի, 2022
char siro masin
Եկեղեցական քարոզներ

Հովհաննես Պլուզ վարդապետի ճառը սիրո մասին

11 Ապրիլի, 2022
03 9
Եկեղեցական քարոզներ

Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրյանի քարոզը՝ խոսված Սբ. Հարության Ճրագալույցի պատարագին (տեսանյութ)

4 Ապրիլի, 2021

Կայքի պատասխանատու՝
Տեր Համբարձում քահանա Դանիելյան:

Հարցեր քահանային

Լուրեր

  • Նորություններ
  • Հարցազրույցներ
  • Սոցկայքեր

Հոգևոր

  • Գրադարան
  • Տեսանյութեր
  • Երգեր
  • Եկեղեցական տոներ
  • Աղոթքներ

Կրթական

  • Քարոզներ
  • Պահք
  • Վանքեր և եկեղեցիներ
  • Վարք սրբոց
  • Աղանդներ

Աստվածաշունչ

  • Աստվածաշունչ (առցանց)
  • Սուրբգրքային ընթերցվածքներ
Հոգևոր կայքէջՀոգևոր կայքէջ
Հետևեք մեզ:

© 2014 - 2022թթ․ Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են:

Removed from reading list

Undo
Welcome Back!

Sign in to your account

Lost your password?