Չափազանց ցաւալի երեւոյթ է մեր ազգին մէջ տարածուած մարդ ԾԱՂՐԵԼՈՒ հիւանդութիւնը։ Որքա՜ն պարսաւելի է այս մէկը։ Որեւէ անձ ծանրօրէն անարգուած եւ վիրաւորուած պիտի զգայ երբ զինք կը ծաղրեն յիրաւի կամ անիրաւաբար։ Արդ, եթէ մեզի համար, եւ մանաւանդ երբ մարդ ծաղրէ ձեր երեխան՝ անոր մէկ տկարութիւնը, անկարողութիւնը կամ սխալը, ի՞նչ պիտի զգայիք դուք…։
Եւ այդ նոյն չափանիշով մարդ ծաղրելը, անոր անուան, մարմնին, խօսքին կամ տկարութեան հանդէպ հակաքրիստոնէական այդ դիւային արարքը կը նսեմացնէ անոր հոգին։ Տակաւին կան Ամերիկայի կամ Կանադայի պէս երկիրներ ուր մանուկներ կամ պատանիներ անձնասպանութիւն կը գործեն չդիմանալով այդ տեսակի անմարդկայնութեան։
Ի՞նչ կը կարծէք սիրելիներ։ Ի՞նչ կը նշանակէ Քրիստոսի ՈՍԿԵԱՅ այն խօսքը թէ. «Ըրէք ուրիշներուն այնպէս, ինչպէս որ կ՛ուզէք որ ուրիշները ընեն ձեզի»։ Դուք չէք փափաքիր որ ծաղրուիք, ինչո՞ւ կը ծաղրէք։ Ի՞նչ է շահը ձեր այդ ծաղրանքէն.. նշանաւո՞ր պիտի դառնաք. եւ որպէս ի՞նչ… հտպիտ թէ ծաղրածու թէ երկոքեան ի միասին հետեւորդ չարին։ Մի ցանէք այս վատութիւնը այլ վերցուցէք այս զզուելի որոմը ձեր բերաններէն, հոգիներէն, ու դրէք այնտեղ մաքուր սերմը Աստուծոյ Խօսքին, որովհետեւ ինչ որ անընդունելի է ձեր դէմ, պէտք է որ անընդունելի ըլլայ ձեր կողմէն։
Ձեր լեզուն ձեր բարեկամն է.. նաեւ մեծագոյն թշնամին։ Դռնապան դրէք անոր վրայ..։
Աղօթարար, Տ. Սերոբ Քահանայ