… ժողովներու մասին խօսիլը անկ է եկեղեցական պատմութեան, սակայն որպէսզի գաղափար մը կարելի ըլլայ կազմել անոնց մասին, թուենք զանոնք մի առ մի համառօտ տեղեկութիւններով:
Ա. Երեք Տիեզերական ժողովներ. Առաջինն է Նիկիոյ ժողովը, գումարուած՝ 325 ին, Մեծն Կոստանդիանոս Կայսեր հրաւէրով, Արիոսի աղանդին վերջ տալու համար: Ներկայ էին 318 հայրապետներ, ընդ որս մերս Արիստակէս հայրապետը: Ժողովը դատապարտեց Արիոսը, որ կը քարոզէր թէ Որդին հաւասար չէր Հօրը, այլ արարած, սահմանեց 20 կանոն եւ կազմեց հաւատոյ հանգանակը։
Երկրորդը Կոստանդնուպոլսոյ ժողովն է, գումարուած` 381 ին, Մեծն Թէոդոսի հրաւէրով: Ներկայ էին 150 հայրապետներ: Ժողովը նզովեց Մակեդոնը որ կ’ուրանար Ս. Հոգիի` Հօր հետ համագոյակից ըլլալը: Սահմանեց 7 կանոններ եւ կազմեց հաւատոյ դաւանանք մը: Մեր եկեղեցիի ընդունած երրորդ եւ վերջին Տիեզերական ժողովն է Եփեսոսինը, գումարուած` 431 ին, Թէոդոս կրտսեր կայսեր հրաւէրով, քննելու համար Նեստորի աղանդը: Ներկայ էին 200 հայրապետներ, բանադրեցին Նեստորը եւ սահմանեցին 6 կանոն:
Բ. Վեց Արտաքին Տեղական ժողովներ. Բացի երեք Տիեզերական ժողովներէն, Հայց. Եկեղեցիի կողմէ ընդունուած են նաեւ վեց տեղական ոչ-հայկական ժողովներ, որոնք զանազան եկեղեցական կարգեր հաստատած են եւ մերժած են կարգ մը հերձուածներ: Ասոնք ընդունուած են նաեւ միւս պատմական եկեղեցիներու կողմէ: Անոնք են.
ա. Անկիւրեայի ժողով, գումարուած` 313 ին, Անտիոքի Պատրիարքին նախագահութեամբ, եւ մասնակցութեամբ 18 եպիսկոպոսներու։ Սահմանած է 25 կանոն, առ հասարակ հաւատուրացներու մասին, որոնք զղջալով կ’ուզէին վերադառնալ եկեղեցիի ծոցը:
բ. Նիոկեսարիոյ ժողով (ի Պոնտոս), գումարուած` 314 ին, նոյն Անտիոքի Պատրիարքին նախագահութեամբ եւ սահմանեցին 15 կանոն հոգեւորականաց բարոյական կարգապահութեան եւ հարցերու մասին: այլ
գ. Անտիոքի ժողով, գումարուած` 341 ին, մասնակցութեամբ շուրջ 100 եպիսկոպոսներու, որոնք եկած էին Անտիոքի պատրիար քութեան զանազան թեմերէն օծելու համար Մեծն Կոստադիանոսի հիմնադրած եկեղեցին որ այն տարին աւարտած էր: Սահմանուած են 25 բարեկարգական կանոններ:
դ. Լաւոդիկիայի (ի Փոքր Ասիա) ժողով, գումարուած` 365 ին: Սահմանուած են 60 կանոններ զանազան խնդիրներու շուրջ՝ առ հասարակ բարոյականի վերաբերեալ։
ե. Սարդիկիայի ժողով: Սարդիկիա կը գտնուէր հիմակուան Եուկոսլաւիոյ մէջ1, Հռովմէական կայսրութեան արեւելեան եւ արեւմտեան բաժանումներու սահմանագլուխին վրայ: Ժողովը գումարուեցաւ 344 ին, Արիոսամիտ եւ հակա-Արիոսական տարրերու միջեւ հասկացողութեան մը գալու նպատակով: Ժողովի ընթացքին Արիոսականներ (մեծ մասամբ Արեւելեան եպիսկոպոսներ) ժողովէն հեռացան: Մնացին Արեւմտեան եպիսկոպոսներ եւ մի քանի Արեւելեաններ, եւ այսպէս այս ժողովը որ իբրեւ Տիեզերական ժողով գումարուած էր, վերածուեցաւ տեղականի: Ժողովը հաստատեց Նիկիոյ հանգանակը, նզովեց զայն չընդունողները եւ սահմանեց 20 կանոն:
զ. Գանգրի ժողով (Փոքր Ասիա) գումարուած` 350-ական թուականներուն, ընդդէմ աղանդաւորներուն, որոնք կ՚ անգոսնէին ամուսնական կեանքը եւ կուսակրօնութեան անուան տակ կիյնային հակառակ ծայրայեղութեան մէջ: Այս ժողովը սահմանած է 21 կանոն:
Գ. Ազգային Եկեղեցական Ժողովներ. Եկեղեցական ժողովներով հարցեր կարգադրելու առաքելական սկզբունքը շարունակուեցաւ մեր եկեղեցւոյ մէջ: Սկզբնական շրջանէն, նկատի ունենալով Լուսաւորչի եւ իր անմիջական յաջորդներուն վայելած հեղինակութիւնը եւ սրբութեան համբաւը, նկատի ունենալով նաեւ այն իրողութիւնը որ հրատապ խնդիրներ չեն ծագած երկրի մէջ, չէ կիրարկուած այս սկզբունքը: Սակայն երբ Մեծն Ներսէս ձեռնարկեց բարեկարգական ընդարձակ աշխատանքի, պէտք տեսաւ իր նպատակները իրագործել ոչ միայն իր հեղինակութեամբ եւ հմայքով, այլ նաեւ ժողովական որոշումով: Հետեւաբար Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ յատուկ
ա․ Ա․ Եկեղեցական պաշտօնական ժողովը տեղի ունեցաւ Աշտիշատի մէջ 365 թուին, Մեծն Ներսէսի հրաւէրով եւ նախագահութեամբ:
Այս ժողովին ներկայ են եպիսկոպոսներ եւ աշխարհականներ։ Ոմանք զայս կը նկատեն «փառաւոր սկզբունք» որ «իբրեւ հիմնական կէտ» շարունակուած է հետագայ դարերու բոլոր ժողովներուն մէջ։ «Փառաւոր սկզբունք» է արդարեւ երբ ժողովին ներկայ «աշխարհականներ» կը մասնակցին նախ իբրեւ հաւատաւոր եւ գիտակից անդամներ, երկրորդ իբրեւ քաղաքային իշխանութեան ներկայացուցիչներ, որոնց պարտականութիւնն է գործադրել տրուած որոշումները, ի հարկին պատժելով անսաստողները: Այլապէս եթէ մասնակցող աշխարհականներ հաւատքէ պարպուած մարդիկ են, ու եթէ մանաւանդ անդամներ ու ղեկավարներ են եկեղեցիի թշնամի կամ հակադիր կազմակերպութիւններու, իրենց ներկայութիւնը նման ժողովներուն մէջ ոչ միայն «փառք» չըլլար, այլ իրապէս փորձանք կ’ ըլլայ եկեղեցիին գլխուն: Այս փորձանքը կը կրէ Հայց. Եկեղեցին աւելի քան կէս դարէ ի վեր: Մեր այսօրուան եկեղեցական կնճռոտութեանց մեծագոյն մասին պատճառը այս ոչ- հաւատաւոր եւ այլ կազմակերպութեանց ղեկավար տարրերուն մասնակցութիւնն է մեր եկեղեցական ժողովներուն, ըլլան անոնք հոգաբարձական, թեմական կամ ազգային:
Ասկէ զատ ի հնումն աշխարհականաց մասնակցութիւնը կ՚արդարանար անով, որ մասնակցողները միշտ իշխաններ կ՚ ըլլային եւ ոչ թէ հասարակ աշխարհականներ: Երբ Հայոց Թագաւորը Քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակեց, այդ կրօնքին տուած եղաւ քաղաքացիական եւ պետական հանգամանք: Պետութիւնը ոչ միայն կը հովանաւորէր նոր կրօնքը, այլ նաեւ եկեղեցական կանոնները պարտադիր կը դարձնէր իր բոլոր հպատակներուն համար իբրեւ քաղաքացիական օրէնքներ: Հետեւաբար քաղաքային իշխանութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը կարեւոր էր նման ժողովներու մէջ իբրեւ գործադիր իշխանութիւն:
Եկեղեցական հարցերուն մէջ աշխարհականի կամ կղերականի խնդիր յարուցանել անտեղի է եւ կ’ենթադրէ դասակարգային խտիր, ինչ որ գոյութիւն չունի եւ պէտք չէ ունենայ եկեղեցիի մէջ: Հոգեւորականը արդէն իսկ բոլոր հաւատացեալներու ներկայացուցիչն է` լիազօրուած որոշ իշխանութեամբ եւ պատրաստուած ու դաստիարակուած կրօնական գործերու վարչութեան համար: Ուր որ աշխարհիկ հաւատացեալներու ներկայութիւնը եւ գործակցութիւնը անհրաժեշտ է, եկեղեցիի վարիչներ եւ առաջնորդներ հրաիրեն կամ կը նշանակեն զանոնք այդ որոշ գործերուն համար Եկեղեցիի մէջ կատարուած բոլոր գործերը եկեղեցիին գործերն են. կարեւորը անոնց կատարեալ կերպով գործադրուիլն է, ոչ թէ որո՞ւն կողմէ գործադրուիլը:
Վերեւ ըսուածները միջանկեալ էին, եւ կը շօշափեն կարեւոր սկզբունքներ եւ այժմէական հարցեր: Վերադառնալով Աշտիշատի ժողովին, պէտք է աւելցնել որ այս ժողովին կանոնները որոշ յօդուածներու բաժնուած ձեւով չէ հասած մեզի, այլ որպէս պատմական տեղեկութիւններ ժամանակակից պատմիչներու կողմէ: Հետագային անոնք վերածուած են վեց յօդուածներէ բաղկացեալ կանոնախումբի:
բ. Երկրորդ Հայ եկեղեցական ժողովը գումարուած է Շահապիվանի մէջ 447 ին, հրաւէրով եւ նախագահութեամբ Յովսէփ Կաթողիկոս Առաջին կանոնաւոր ժողովն է որուն որոշումները գլխակարգուած ձեւի տակ ունինք: Ներկայ են «40 եպիսկոպոս, շատ երէցներ, սարկաւագներ, եւ համօրէն ուխտ եկեղեցւոյ, իշխաններ, գաւառապետներ» եւայլն: Իրապէս փառաւոր ժողով մըն է ամէն մասամբ, թէ կազմութեամբ, եւ թէ որոշած կանոններով որոնց թիւն է 20: Նախկին ժողովներու անսաստողներ նզովքի, բանադրանքի եւ ապաշխարանքի կ’ենթարկուէին, իսկ այս ժողովի կանոնաց անսաստողներուն կը սահմանուի տուգանք եւ մարմնական պատիժներ, ինչ որ կը նշանակէ թէ ժողովի կանոնները կը ստանան քաղաքացիական օրէնքի պարտադիր ոյժ: Բարոյական եւ բարեկարգական կանոններ են անոնք։
գ. Դուինի Ա. Ժողով, գումարուած` 507 ին Բաբգէն Կաթողիկոսի հրաւէրով եւ նախագահութեամբ. զբաղուած են դաւանաբանական հարցերով: Ներկայ են նաեւ Վրաց եւ Աղուանից եպիսկոպոսներ: Կը մերժեն նեստորականութիւնը եւ կ՚ ընդունին լոկ առաջին երեք Տիեզերական ժողովները, ինչ որ անուղղակի մերժումն էր Քաղկեդոնի: Այս ժողովը կանոն չէ սահմանած:
դ. Դուինի Բ. Ժողով, գումարուած` 555 ին Ներսէս Բ. Կաթողիկոսի հրաէրով եւ նախագահութեամբ: Սահմանած են 37 կանոններ:
ե. Դուինի Գ. Ժողովը, գումարուած` 610-ին Աբրահամ Կաթողիկոսի հրաւէրով եւ Վրաց Եկեղեցիին Քաղկեդոնականութիւնը ընդունելու կապակցութեամբ մերժելով զանոնք հաղորդակցութենէ: Կանոն չէ սահմանած։
q. Դուինի Դ. Ժողով, Ներսէս Շինողի նախագահութեամբ, 648 թուին: Կազմեց պատճառաբանական ձեռնարկ «մի բնութիւն» բանաձեւի մասին եւ սահմանեց 12 կանոն` եկեղեցականներու նիւթական ապահովութեան եւ բարոյական բարւոքման մասին:
է. Դուինի Ե. Ժողով, գումարուեցաւ Յովհան Օձնեցիի հրաւէրով` 719ին։ Սահմանած է 32 կանոն:
ը. Պարտաւի Ժողով, գումարուած` 771 ին Սիոն Կաթողիկոսի հրամանով: Պարտաւ Աղուանից մայրաքաղաքն էր: Մասնակցեցաւ նաեւ Աղուանից Կաթողիկոսը իր եպիսկոպոսներով. սահմանեցին 24 կանոն։
թ. Երնջակի Ժողով, 842 ին: Որովհետեւ յանիրաւի գահէն հեռացուած կաթողիկոսի մը (Յովհաննէս Ե. Օվայեցի) մասին էր խնդիրը, ուստի ժողովին հրաւէրը Սմբատ սպարապետի եւ Գրիգոր Սիւնեաց իշխանի կողմէ եղաւ։ Կանոն չեն նշանակած, լոկ կաթողիկոսը արդարացուցած եւ կրկին պաշտօնի հրաւիրած են։
Ժ. Անիի Ժողով, 970-ին, Աշոտ Թագաւորի հրաւէրով գումարուած ամբաստանելու եւ գահընկեց ընելու Վահան Սիւնեցի Կաթողիկոսը որ «միաբանութեան թուղթ» ստորագրած էր Քաղկեդոնականաց հետ, այսինքն իր դաւանանքը փոխած էր:
ժա. Հարքի Ժողով, գումարուած 1002 ին Սարգիս Կաթողիկոսի հրամանով` նզովելու համար Թոնդրակեցւոց աղանդը: Կանոն չէ սահմանած։
ժբ. Անիի Բ. Ժողով, գումարուած` 1036 ին եւ զբաղած` Պետրոս Գետադարձ եւ Դիոսկորոս Կաթողիկոսներու հարցը կարգադրելով: Դիոսկորոսը աքսորեցին եւ Պետրոսը իր պաշտօնին վրայ վերահաստատեցին: Ժողովը հրաւիրեց եւ նախագահեց Աղուանից Կաթողիկոսը:
ժգ. Հռոմկլայի ժողովը, 1179 ին, հրաւէրով Գրիգոր Տղայ Կաթողիկոսի, Յունաց ղրկուելիք դաւանութեան թուղթը պատրաստեցին:
ժդ. Սսի Ժողով, գումարուեցաւ 1243 ին Կոստանդին Բարձրբերդցի Կաթողիկոսի հրաւէրով, սահմանեցին 25 կանոն բարեկարգական նկարագրով:
ժե. Սսոյ Բ. Ժողով, 1361 ին գումարուած Մեսրոպ Արտազեցի Կաթողիկոսի նախագահութեամբ որ մերժեց լատինասէր կաթողիկոսներու եւ թագաւորներու մտցուցած ծիսական փոփոխութիւնները:
ժզ. Երուսաղէմի Ժողով, գումարուած` 1651 ին Փիլիպպոս Կաթողիկոսի նախագահութեամբ իր Երուսաղէմ այցելութեան ընթացքին: Ժողովին մասնակցեցան Սսոյ Ներսէս Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Աստուածատուր Պատրիարքը: Սահմանեցին 13 կանոններ:
[ժէ. Ս. Էջմիածնի Ժողով, գումարուած 2013 ին, համանախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներու: Սոյն ժողովին մասնակցեցան զոյգ կաթողիկոսութեանց ենթակայ եպիսկոպոսներն, ինչպէս նաեւ Կ.Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը իր զոյգ եպիսկոպոսներով:]
Ուրեմն Արեւելեան Եկեղեցիներու հասկացողութեամբ եկեղեցական բարձրագոյն իշխանութիւնը եւ հեղինակութիւնը կ’արտայայտուի ժողովներով, ընդհանրական եկեղեցւոյ պարագային Տիեզերական Ժողովներով, իսկ ազգային եկեղեցւոյ պարագային մասնակի կամ ազգային- եկեղեցական ժողովներով: Հաւատքի եւ կարգի վերաբերեալ անսխալ իշխանութիւնը կը պատկանի այս ժողովներուն:
____
1 Serdica, այսօր Պուլկարիոյ մայրաքաղաք՝ Սոֆիա:
Շնորհք եպս. Գալուստեան, «Տեղիք աստուածաբանութեան» գրքից, Ստանպուլ 2014, էջ 45-50: