Արմատացած սովորութիւններ կան մեր կեանքի խաչմերուկներուն մէջ, որոնք վարակիչ ախտի նման բոյն դրած են մեր ներսիդին: Ախտեր, որոնք փոխանցուած են յաջորդող սերունդներուն դարերու ընթացքին, բայց ձախաւեր ազդեցութիւն ունեցած են ներկայ երիտասարդին մօտ: Միջին Արեւելեան տգիտաբար գործուած հոգեքանդ արարքնե՛ր են կատարուածները, որոնք նուիրականացած են եւ իբրեւ «հաւատալիքեներ ընդունուած են այսօ՛ր եւս»:
Մարդը իր ստեղծագործութեան օրէն իսկ միշտ փորձած է շօշափելի, թանձրական հաւատալիքներ ունենալ իր տրամադրութեան տակ, կարծելով թէ պաշտպանութեան միակ ճամբան այդ կարծեցեալ առարկայացած «հաւատալիք»ներն են: Հաւատքի նկատմամբ մարդուն մօտեցումն ու ըմբռնումը միշտ եղած է նուրբ եւ հարցական: Սակայն ի զուր չէ ըսուած, թէ «հաւատքը մեր մտքի արտադրութիւնը չէ, տրամաբանութեան հետեւողութիւն մը չէ, կեանքի փորձառութենէն քաղուած եզրայանգում մը չէ, այլ` տրուած շնորհք մը, բնական տրամադրութիւն մըն է» (Գարեգին Բ. Կաթողիկոս), զոր ընդոծին դրուած է մեր մէջ` տաղանդի մը նման: Բայց մենք ի վերուստ տրուած այդ քանքարը ո՞րքանով ի գործ կը դնենք:
Հաւատքի առկայութիւնը եւ աստուածային զօրութենականութիւնն ու ներզօրութիւնը անգիտանալով, այսօր «ԿԱՊՈՅՏ ԱՉՔ»ի, «ՁԻՈՒ ՊԱՅՏ»ի, «ԿԱՊԱՐ ԹԱՓԵԼ»ու եւ «ՍՈՒՐՃԻ ԳԱՒԱԹ ՆԱՅԵԼ»ու սովորութիւնները արագասոյր մրրիկի նման սկսած են արմատ նետել մեր առօրեային, խօսակցութեան ու մտածողութեան մէջ…: Շատերու մօտ իբրեւ ժամանց թուացող, երեւութապէս հաճելի կարծուած այս վնասաբեր եւ ոչ աստուածահաճ արարքները կը սահմանափակեն մարդուն մտահորիզոնն ու ազատութիւնը, չարազդեցիկ խաբկանքներով կը նենգափոխեն ճշմարտութիւնը, խաբեպատիր խօսքերով կ՛ալեկոծեն խաղաղ հոգին եւ խաւարածին յղացքներով կը մթագնեն մեր մտքերը:
Հազիւ երբ տան մը դրան շեմին մուտք գործենք, անկարելի է որ չհանդիպինք բոլորին երդիքին «պահապան»ը նկատուող «կապոյտ աչքիեն կամ «ձիու պայտ»ին: Բացառութիւնները յարգուած են անշուշտ: Երբ մէկը նոր ինքնաշարժ մը գնէ, յաճախ ականատես կ՛ըլլանք, որ սեփականատէրը իսկոյն «կապոյտ աչք» մը կը կախէ` իր ինքնաշարժը հեռու պահելու համար չար աչքերէ: Մանաւանդ գործատեղիներու, վաճառատուներու մէջ «կապոյտ աչք»ը եւ «ձիու պայտ»ը իրենց էական տեղը ունին` կարգ մը խելամիտ մարդոց հասկացողութեամբ, որպէսզի նոր գործի ասպարէզ նետուած դերակատար անձը կամ երիտասարդը իր գործին ու աշխատանքին մէջ «յաջողակ» դառնայ: Եւ այսպէս տհաճ օրինակները անթուելի են եւ զարմանազան…
Տակաւի՛ն: Երբ ոեւէ մէկ անհատ ձախորդութեան մատնուի, իր կեանքը դժբախտութեամբ ընթանայ, անճարակ հիւանդութեամբ մը վարակուի… անմիջապէս այդ բոլորը մարդոց նախանձին եւ չար աչքին կը վերագրէ: Առ այդ, եթէ աչքի գոյութեան չէր հաւատար` այսուհետ «կապոյտ աչք» մը կը կախէ եւ անոր «երկրպագու»ն կը սկսի դառնալ, կարծելով թէ մարդուն կողմէ գործուած այդ ստապատիր «կապոյտ աչք»ը իր կեանքը պիտի փրկէ ու պաշտպանէ զինք աղէտաբեր վտանգներէ ու իր վրայ սեւեռուած չար ու նախանձալի աչքերէ:
Աւելի գայթակղեցուցիչ եւ անընդունելի երեւոյթ մը եւս. երբեմն կը տեսնենք, որ մարդիկ անմտաբար ու առանց պատկառելու «կապոյտ աչք»ն ու խաչը քով-քովի դրած են: Կարելի չէ պատկերացնել ասկէ աւելի մեծ անարգանք` ուղղուած Քրիստոսի: Կապոյտ աչքն ու խաչը քով-քովի դնել կը նշանակէ իրարու հաւասար նկատել Սատանան ու Քրիստոսը, ստախօսն ու Ճշմարիտը, օձն ու Առիւծը, խաւարն ու Լոյսը: «Ի՞նչ նոյնութեան եզր կրնայ ըլլալ լոյսին ու խաւարին միջեւ: Ի՞նչ համաձայնութիւն կրնայ ըլլալ Քրիստոսի եւ Սատանային միջեւ» (Բ. Կր 6.14-15): Միթէ հաւասա՞ր են իրարու մեզ կործանելու համար մեր վրայ դրուող կապոյտ աչքն ու մեզ կործանումէ փրկելու համար մեզ հսկող Տիրոջ աչքը:
«Կապոյտ աչքեը եւ «ձիու պայտեը հեթանոսներուն յատուկ եւ Սատանայի գործիք են: Զանոնք կախելովդ, քու իսկ ձեռքովդ Սատանան է որ հրաւիրած կ՛ըլլաս եւ Ամենակալը վտարած քու օճախէդ: Հնացեալ այս բարոյալլկող սովորոյթը տգէտներու կողմէ հիւսուած պատումներ են, որոնք խորքին մէջ քու միտքդ կը պարուրեն ու կը պղտորեն, կը գունազարդեն քու համակ կեանքդ այսպիսի ճոռոմաբանութիւններով ու սնոտի «հաւատալիք»ներով: Հոգիի աչքերդ բաց եւ լսէ թէ Սաղմոսերգուն ինչպէ՛ս կը պատկերէ Աստուծոյ աչքը` ըսելով. «Տիրոջ աչքերը արդարներուն վրայ կը հսկեն եւ ականջները պատրաստ են անոնց աղօթքները լսելու» (Սղ 34.15: Ա. Պտ 3.12):
«Կապար թափել»ու ստապաճոյճ արարքը նոյնպէս անպակաս չէ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Շատեր համոզկեր բառերով ու յամառաբար կը պատաճառաբանեն ըսելով, թէ «կապար թափել»ը «կապոյտ աչք»ին տարբերակն ու այլօրինակն է: Եթէ «կապար թափել»ը չար ու անակնկալ փորձանքէն հեռու պահելու համար է, հապա ի՞նչ բանի համար է խաչը: Չարին գլուխը ճզմելու համար Յիսուս կապար չթափեց, այլ իր անմեղ արի՛ւնը քեզի համար հեղեց խաչին վրայ: Ուստի, չար փորձանքէն ազատելու համար, խա՛չ պէտք է կախես եւ ո՛չ թէ կապար: Աստուած Իր օրհնութիւնը չի՛ թափեր մեր վրայ` երբ կապար թափենք մեր գլխուն:
Ոմանք կապարը ջուրի մէջ նետելէ ետք կը նային, թէ անիկա ի՞նչ ձեւ կամ կերպարանք կ՛առնէ, եւ կապարին ձեւերը դիտելով ու քննելով` տարաբնոյթ գուշակութիւններ կը կատարեն իրենց ապագային վերաբերեալ եւ կամ զանոնք կը վերագրեն չար լեզուի, չար աչքի եւ այլ բազմապիսի երեւոյթներու: Գիտական դիտարկումով, յատկապէս կապարի պարագային, երբ շիկացած ու տարրացած հեղուկը պաղ ջուրին մէջ շպրտուի` ինքնաբերաբար կապարը կարծրանալով այլազան կերպարանքներ կը ստանայ: Սա նշանակ է, թէ նման արարք չունի՛ հիմք ու ո՛չ մէկ ճշմարտութիւն: Աստուածաշնչական առումով` կախարդութիւն եւ հմայութիւն ընելը կամ այդպիսիներուն քով երթալը ՉԱՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ՄԵՂՔ է (Դ. Թգ 17.17, 21.6: Բ. Մն 33.6: Թւ 22.7: Ես 47. 9, 12: Եզ 21.21-23, 29: Ես 2.6-12: Դն 2.2, 5.7, 15: Ա. Տմ 4.1-2): Աւելի լաւ չէ՞ Աստուածաշունչ կարդալ եւ տեսնել, թէ Աստուածաշունչը ինք ի՞նչ կ՛ըսէ քու, ապագայիդ եւ Աստուծոյ յաւիտենականութեան մասին:
Անհեթեթ եւ իմաստազուրկ արարք մըն է «կապար թափել»ը: «Կապար թափել» կը նշանակէ ուրանալ զՔրիստոս եւ Անոր քաւչարար զոհագործումը, երես դարձնել Խաչեալին եւ ստորակայ համարել Անոր իշխանութիւնը: Որքա՜ն խղճալի է այն մարդը, որ նման ցեխաթաթաւ արարքներով ու «հաւատալիք»ներով կը գայթակղի եւ կը գայթակղեցնէ իր նմանակիցը, «նախընտրելի պիտի ըլլար, որ իր վիզին ջաղացքի քար անցընէին եւ զինք ծովը նետէին…» (Ղկ 17. 2):
Նոյնատիպ մեղքերու շարքին կարելի է դասել նաեւ «գաւաթ նայելեու» կիներու համահաճ սովորութիւնը: Հինէն եկող սա արարքը, ո՛չ միայն այսօր ծերունի մամիկներու զբաղում է դարձած, այլեւ թէ՛ երէցներու, թէ՛ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու եւ թէ նոյնիսկ պատանի-պատանուհիներու, որոնք մեծ հետաքրքրասիրութեամբ կ՛ուզեն իմանալ իրենց վիճակուած այդ օրուան անուշ խօսքերով լոլոզուած գուշակութիւնները: Յաճախ տեսած եմ կիներ, որոնք իրարու կ՛այցելեն պարզապէս «գաւաթ նայելու» եւ փուճ խօսքերով դիւթուած երազներու աշխարհին մէջ թեքերելու: Երազներո՛ւ աշխարհ…
Շրջուն փերեզակներուն` գաւաթ նայողներուն երբ հարց տանք, թէ մեղք չէ՞ իրենց կատարածը: Անոնք «անմեղութեամբ» կը պատասխանեն` «ո՛չ, երբեք, այլ ժամանց է»: Սակայն Պօղոս առաքեալ ժամանցը մեղք սեպելով` կը պատուիրէ. «Օգտագործեցէ՛ք ժամանակը, որովհետեւ այս օրերը չար են» (Եփ 5.16): «Գաւաթ նայիլ»ը ստախօսութիւն է, որովհետեւ սուրճի գաւաթ նայողը «ստիպուած» կ՛ըլլայ հազար ու մէկ սուտ խօսելու` դիմացինը յուսադրելու համար: Ուրիշին սուտ յոյսեր ներշնչելը մեղք չէ՞:
Սիրելի՛ երիտասարդ-երիտասարդուհի, աշխարհը լի է տեսակ-տեսակ մարդոցմով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր յատուկ նկարագիրը, սովորութիւնը, վարուելակերպը եւ հաւատալիքները: Ոմանց հաւատքը հիմնուած է աւազի վրայ, ուր կայ մակերեսայնապաշտութիւն, հակաքրիստոնէական քարոզչութիւն, չարադաւան հնարքներ ու սայթաքումներ…: Իսկ ոմանց հաւատքն ալ կառուցուած է ժայռի` Քրիստոսի վրայ, «Անձրեւները կու գան, գետերը կը յորդին, հովերը կը փչեն եւ կը զարնուին տան, բայց տունը չի կործանիր, որովհետեւ ժայռի վրայ հաստատուած է» (Մտ 7.25):
«Կապոյտ աչքեը, «ձիու պայտ»ը, «կապար թափել»ը եւ «գաւաթ նայիլ»ը Սատանային իւրայատուկ ու անոր հետեւորդներուն վայել են եւ ոչ թէ քեզի: Առ այդ, կապոյտ աչք կախելու փոխարէն` խա՛չ կախէ քու տանդ մէջ: «Ձիու պայտ» դնելու փոխարէն, սրբապատկերներ դիր: «Կապար թափել»ու փոխարէն, մեղքերուդ համար արցո՛ւնք թափէ խաչին առջեւ: Սուրճի գաւաթ կարդալու փոխարէն` Աստուածաշո՛ւնչ կարդա, որպէսզի անդենականին մէջ չափսոսաս… Զգա՛ստ եղիր:
Ալեքսան Սրկ. Գալայճեանի facebook-յան գրառումից: