ՏԵՍԱՆՈՂՆ ՈՒ ՏԵՍԻԼՔԸ Ի ետին ամէն եկեղեցանուէր աշխատանքի, ազգաշէն գործունէութեան կամ հանրօգուտ ծառայութեան կայ ու կը մնայ վճիտ ու անխառն տեսիլք մը երկնածոր։ Եւ տեսիլքը մերթ կ’արտայայտուի մեր կեանքերուն մէջ իբրեւ ստեղծագործական բուռն խանդավառութիւն եւ մերթ կը դառնայ աւիւն դէպի ապագան տանող, հորիզոնէ հորիզոն անցնելու վճռակամութեամբ տոգորուն։
Իսկ հաւատացեալներու համար տեսիլքը Աստուածային ներշնչում է «զի ամենայն տուրք բարիք եւ ամենայն պարգեւք կատարեալք ի վերուստ են իջեալ առ ի Հօրէն Լուսոյ…» (Յակ. Ա. 17)։ Այո, Աստուած իր նախախնամական իմաստութիւնը կը ծորէ հոգիներուն մէջ մարդոց, որուն առ ի հետեւանք անոնք կը դառնան յստակատես դէպի ապագայի իրենց ծաւալելիք գործունէութեան։ Ահա թէ ինչու երբ կը բացակայի տեսիլքը, գործը կը կաղայ կամ կը ձախողի, մինչ երբ այն ըլլայ պարզորոշ ու ջինջ յաջողութեան արգասիքը, այժմէն իսկ կ’երեւի յետագային ծնանելիք դէպքերու պաստառին վրայ։
Այսպէս հրաշագործուեցաւ Հայոց լուսաւորչին՝ Գրիգորի տեսիլքը։ Չորրորդ դարու առաջնեկ տարին տեսաւ Հայ ժողովուրդի դարձը դէպի քրիստոնէութիւն, որն արդէն իր ծիլը տուած էր երկու եւ կէս դարեր առաջ տեսլական աշխատանքով Յիսուսի երկու հաւատարիմ աշակերտներուն՝ Թադէոսի եւ Բարդողիմէոսի քարոզութեամբ եւ իրենց ու գործակիցներու մարտիրոսութեամբ։
Հոգիին խորունկը մեղապարտ ցեղէն սերած Պարթեւ Հայրապետին Գրիգորի հաւատքը առ Նազովրեցի վարդապետը Յիսուս կենսունակ էր ու մշտաբորբոք, որ ան իր աղօթքներու ընդմէջէն հրաւէր կարդացած էր Աստուծոյ Որդիին այցի գալու Հայոց աշխարհը։
Մեծ դարձի ժամանակներէն երեք դարերու հասնող հեռաւորութեամբ մարդացեալ Որդին Աստուծոյ մարմնացած էր աշխարհի մէկ աննշան անկիւնը իրականացնելու Աստուծոյ տնօրինութիւնը մարդկային ցեղի փրկութեան Գողգոթայի բարձունքին վրայ։ Այդ օրերուն փակ էին մարդոց հոգիներուն դռները եւ տիեզերաց նորոգողը կամեցաւ ծնելու խղճուկ մսուրի մը մէջ ի պարզունակ քաղաքին Բեթղեհէմի։
Յետ այնու երկու ու կէս դարերու քարոզութիւնն ու նահատակութիւնը ի խնդիր քրիստոնէական վարդապետութեան փոխած էր հոգեպատկերը Հայոց աշխարհին։ Տեսանողին սիրտը, որպէս խորհրդանիշ Հայ ժողովուրդի հոգենորոգութեան, ջերմ էր ու հաւատով լի։ Նման Սիմէոն Ծերունւոյն Նոր Կտակարանի, Գրիգոր եւս կսպասէր Օծեալ Մեսիայի տեսութեան իր էութեան ընդերքին մէջ։
Ու մեծ տեսանողին սպասումները արգասաւորուեցան։ Իր տեսիլքին մէջ յաղթական Քրիստոս իջաւ Արարատի դաշտերուն վրայ, իջաւ նուէրով երկնաշնորհ՝ լուսեղէն տաճարի մը ձեւը սիւներով եւ կամարակապ տրուեցաւ հաւատոյ հօրն մերոյ. իջաւ պատգամով լուսազարդութեան, իջաւ հրաւիրելու Հայ ժողովուրդը իր լինելութիւնը պայմանաւորելու «լուսոյ խորաններ» կառուցանելու Աստուածահաճոյ աշխատանքով, որպէսզի լոյսը իմանալի ծագի ընդմիշտ սրտերուն մէջ Հայերուն։ Տասն եւ եօթ դարեր շարունակաբար Ս. էջմիածինը խորհրդով մը խորին եղաւ ու մնաց Հայ ժողովուրդի առողջ բնազդներու մղիչ ուժը, ստեղծագործական հանճարի ապաւէնը, ոգեկան տոկունութեան հենարանը, հոգեւոր ու հաւատական կեանքի խիզախ դրսեւորումը եւ բարոյական հարուստ նկարագրի չափանիշը։
Երանաւէտ այդ տեսիլքի սուրբ պահէն ասդին Հայ ժողովուրդը եղաւ լուսաբաղձ ժողովուրդ, եղաւ շինարար ազգութիւն։ Եւ ինչքանով իր հոգին կրցաւ բանալ էջմիածնի խորհուրդին վրայ, այնքանով ան պտղաբերեցաւ անձնապէս, բայց մանաւանդ իր հաւաքական կեանքին մէջ «… Եւ բերէր ընդ միոյ երեսուն եւ ընդ միոյ վաթսուն եւ ընդ միոյ հարիւր» (Մարկ. Դ. 8)։
Ահա այսպէս Միածնի էջքը մեր մէջ եղաւ ու կը շարունակէ մնալ էջմիածին՝ Սրբութիւն Սրբոց Լուսաւորչաշէն տաճար ամենայն Հայոց։ Ս. Էջմիածինը մեզի համար Աստուծոյ տաճար է, աղօթքի ու ազգի տուն է ու Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանրական Հայրապետութեան Աթոռ։ Իսկ Հայրապետը Ամենայն Հայոց, որպէս իր օրերու Նոր տեսանողը, ինքն է պահապանը տեսիլքի յարատեւութեան իրեն սահմանուած սպասաւորութեան ժամանակի տեւողութեան։
Աստուած երկու անգամ իջաւ աշխարհ։ Մին որպէս մարդացեալ Յիսուս ի Պաղեստին եւ միւսը որպէս յաղթական Քրիստոս ի Հայրենի երկիրը մեր։
Թող 1700-ամեակը Ս. էջմիածնի կառուցման ըլլայ ու մնայ Հայ ազգին համար գրաւականը գալիք յաղթական երթերու եւ երաշխիքը նոր խոյանքներու, նոր արշալոյսերու։ Տայ Աստուած։
Աղբյուր՝ «Էջմիածին» Ամսագիր