Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ բազմաթիւ հաւատացեալներու հարցումներուն ի պատասխան, այսու գրով կը հերքէ եւ կը դատա-պարտէ օրերս համացանցին մէջ նոր տարածում գտած ռուս երգչուհի Լոլիտայի (Լոլիտա Մարկովնա Միլիաւսկաեա) 2018 թ. ըրած զրպարտիչ յայտարարութիւնները ի մասին Սբ. Յարութեան տաճարին մէջ սպասաւորող հայ հոգեւորականի:
Տեսանիւթը համացանցին մէջ հրապարակուած է 2018 թ. Հոկտեմբեր 20-ին, սա-կայն առաւել տարածում գտած է վերջին օրերուն, որն ունի Հայ եկեղեցւոյ հիմերը խարխլելու, մեր հաւատացելաները անկէ հեռացնելու եւ զրպարտելու չարանենգ մտադրութիւն:
Տեսանիւթին մէջ վերոնշեալ անձին ըրած յայտարարութիւնները զրպարտանքներ են: Միայն կ’ուզենք շեշտել, որ Սբ. Յարութեան տաճարի դրան բանալիի տնօրինումը Հայ եկեղեցւոյ ձեռքը չէ, Սբ. Գերեզմանին առջեւ մոմավաճառութիւն երբեք տեղի չի ունենար, իսկ Սբ. Գերեզմանին ներսը Յոյն միաբան մը կը կենայ՝ հսկելու հաւատացելանե-րու մուտքը եւ ելքը, հետեւաբար այդպիսի անվայել միջադէպ մը չէր կրնար պատահիլ Տիրոջ Գերեզամնին մէջ:
Չմոռնանք նաեւ, որ յայտարարութիւն ընող անձը մեր թշնամի երկրի մշտական այ-ցելուն է, այդ երկիրով հիացող մը, եւ հաւանաբար անոնց թելադրութեամբ է որ կը փոր-ձէ սեւցնել Հայերու անունը: Հետեւաբար կը յորդորենք մեր հաւատացելաներուն տուրք չտալ նման սադրիչի մը զրպարտող յայատարարութիւններուն: