Ցաւով եւ մտահոգութեամբ տեղեկացանք, թէ ոստիկանութեան ծառայողները եւ անվտանգութեան ուժայինները ինչպէս կը խոչընդոտէին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններու մուտքը Սարդարապատի Հերոսամարտի Յուշահամալիր, ուր եկեղեցականաց դասը իր յարգանքի տուրքը պիտի մատուցանէր մեր հերոսներուն յիշատակին։
Ոստիկանութեան եւ անվտանգութեան ծառայողներու կողմէն Հայոց Հայրապետին եւ եկեղեցականներու նկատմամբ դրսեւորուած անթոյլատրելի եւ ամօթալի պահուածքն ու Յուշահամալիրի տարածք մուտք գործելու անօրինական արգելքը ուղղակի միտումնաւոր հարուած է` ուղղուած Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին եւ անոր հաւատացեալ զաւակներուն։
Հայ Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներուն հասցէին իշխանութիւններու կողմէ վերջին օրերուն հնչած մեղադրանքներուն ու սպառնալիքներուն լոյսին տակ` նմանօրինակ խայտառակ վարքագիծի դրսեւորումը անարգանք է նաեւ այն կառոյցին, որ դարերով կերտած է հայ մշակոյթը, ազգային մեր ինքնութիւնն ու արժեհամակարգը, եղած է Սարդարապատի հերոսամարտի առաջնորդողը եւ բացառիկ ներդրում ունեցած է անոր յաղթական ելքին։
Կը դատապարտենք կատարուածը եւ լիայոյս ենք, որ նմանօրինակ անպատուաբեր արարքները կ’արժանանան մեր հասարակութեան լայն շերտերու դատապարտութեանը։
Ազգային կեանքի դժուարին այս օրերուն մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ անոր առաջնորդութեամբ` հոգեւոր մեր եղբայրներուն ու մեր հայրենակիցներուն։
Կ’աղօթենք որ Աստուած անսասան պահէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ օրհնէ հոգեւոր, ազգային, խաղաղ ու ապահով կեանքին համար մաքառող անոր զաւակները։
Աշոտ Եպսկոպոս Մնացականեան
Առաջնորդ Եգիպտոսի Հայոց Թեմի
29 Մայիս 2024թ.