Թուրքիոյ Հայոց 85րդ Պատրիարքի ընտրութեան առաջին քայլը՝ հոգեւորական պատգամաւորներու ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ 7 Դեկտեմբեր 2019, Շաբաթ երեկոյեան։ Այսօր՝ 8 Դեկտեմբեր 2019, Կիրակի, իրականացաւ ընտրութեան երկրորդ հանգրուանը՝ աշխարհական պատգամաւորներու ընտրութիւնը Թուրքիոյ 6 քաղաքներու 37 ընտրաշրջաններուն մէջ միաժամանակ։ Զոյգ ընտրութիւնները եւս տեղի ունեցած են բաղձալի խաղաղ մթնոլորտի մէջ։ Ըստ ընտրութեան պաշտօնական համակարգչային արդիւնքներու, ուր առաջին անգամ քուէ գործածեցին նաեւ 18 տարեկան ընտրողներ, 13.704 քուէ գործածուած է։ Բաղդատելով 1998ի Պատրիարքական ընտրութեան, որուն մասնակցած էին 15.807 քուէարկողներ, նկատի ունենալով զանազան պատճառներով համայնքի թիւի նուազումն ու բողոքի իրենց իրաւունքը գործածողներու թիւերը, յայտնուած է, որ քուէարկողներու թիւը չէ նուազած։ Պէտք է նկատի առնել նաեւ, հայաշատ թաղերու մէջ գոյացած երկար հերթերու զանազան պատճառներով չմասնակցողներու թիւը, մասնակիցներ աւելի մեծ գումար մը պիտի ներկայացնէին։
Քուէներու շրջաններու համաձայն ցուցակը կը ներկայացնենք ստորեւ։ Բաց աստի, քուէարկողներու վիճակագրական պատկերը, յետ համակարգչային արժեւորումներու, յառաջիկայ օրերուն պիտի ծանուցուի մեր հասարակութեան։ Ընտրութեան աւարտին, կը շնորհաւորենք բոլոր ընտրեալ պատգամաւորները ու կը մաղթենք, որ 11 Դեկտեմբեր 2019ի ընտրութիւնները մեր համայնքին եւ երկրին համար բարեբեր ըլլան։։
Որպէս Նախաձեռնարկ Մարմնի անդամներ, հակառակ բոլոր դժուարութեանց, Յուլիս 2019էն ի վեր կը ջանանք շարունակել մեր աշխատանքները կանոնաւորաբար ու բծախնդրութեամբ։ Հակառակ թէքնիք, իրաւաբանական, կառուցուածքային եւ նիւթական դժուարութեանց, կը հաւատանք որ հաստատեցինք եւ ընթացանք օրինակելի աշխատանքային դրութեան մը համաձայն։
Այս առթիւ շնորհակալ ենք մեր համայնքի այն բոլոր անդամներուն, որոնք ընտրութեան գործընթացին մասնակցեցան ողջախոհութեամբ, ընտրութեան դիտորդներուն եւ թաղային ընտրողական յանձնախումբերու անդամներուն, համակարգիչի պատասխանատուներուն, Պատրիարքարանի աշխատակազմին, ընտրաշրջաններու քաղաքներու բոլոր ապահովութեան պաշտօնեաներուն եւ մամուլի աշխատակիցներուն։
ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄԻՆ
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅՈՑ
85րդ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ