Ճակատագիրի հաւատացողները կուսուցանեն որ մեզի պատահող ամէն դժբախտ երեւոյթ սկիզբէն Աստուծոյ կողմէ որոշուած է, կամ մեր «մեր ճակատներուն վրայ գրուած է»։ Այսպէս ըսողները իրենք զիրենք է որ կը հակասեն, որովհետեւ, անոնք մէկ կողմէն կը սորվեցնեն որ իրենց գլխուն եկող փորձանքները Աստուծոյ կամքին արդիւնքն են, իսկ միւս կողմէն, ամէն գնով կաշխատին ձերբազատիլ այդ փորձանքներէն։
Եթէ իսկապէս մեզի պատահող չարիքները Աստուծոյ որոշումով է որ կը պատահին, այդ կը նշանակէ որ Աստուած չարիքը կամեցող մըն է։ Իսկ եթէ Աստուծոյ կամքն է որ այսինչ կամ այնինչ չարիքին հանդիպինք, այդ պարագային մենք իրաւունք չունինք պայքարելու մեզի պատահող չարիքներուն դէմ, որովհետեւ չարիքին դէմ պայքարելով՝ Աստուծոյ կամքին ու որոշումին դէմ է որ պայքարած կըլլանք։
Ճակատագիրի հաւատացող մարդը ինքզինք հակասած չը՞լլար, երբ մէկ կողմէն հիւանդութիւնը Աստուծոյ կամքին կամ որոշումին արդիւնքը կը նկատէ, իսկ միւս կողմէն, հիւանդանալուն պէս բժիշկի կը վազէ։ Ո՞վ է ճակատագիրի հաւատացող այն մարդը որուն եղբայրը երբ արկածի հանդիպի, զինք իսկոյն բժիշկի չի տանիր, այլ կը սպասէ տեսնելու համար եթէ երբեք իր եղբօր «ճակատագիրը» մեռնիլն է, ապա կորոշէ զինք բժիշկի տանիլ թէ ոչ։ Նոյնիսկ կարելի է տրամաբանել եւ ըսել, որ զո՛ւր է հիւանդը ազատելու իր ճիգը, որովհետեւ եթէ Աստուած անոր «ճակատին գրած է» որ պիտի մեռնի, ոչինչ կրնայ փոխել կացութենէն։
Եթէ համաձայն ըլլանք նման մտածելակերպի, այդ պարագային, ի՛նչ դժբախտութեան ալ հանդիպինք, պէտք չէ փորձենք անկէ ձերբազատիլ։ Նման մտածողութիւն շատ վտանգաւոր է, որովհետեւ ատիկա կը ջլատէ մարդուն զօրութիւնը եւ կը չքացնէ կեանքի դէմ պայքարելու անոր եռանդը։ Երբ մարդուն մէջ շիջի յոյսի կրակը, մեռնի պայքարելու եւ դիմադրելու ոգին, այն ատեն մարդուն համար յոյս չի մնար յաղթելու։ Ոմանք աւելի՛ ծայրայեղութեան երթալով, կըսեն. «Ո՛չ միայն ծանր փորձանքներն են որ Աստուծոյ կամքով ու որոշումով կը կատարուին, այլ նաեւ ամենապզտիկ բաներն անգամ։ Օրինակ, մէկու մը վրայ ջուր թափելը, մէկու մը ապտակելը…, եւայլն»։ Այսպէս սորվեցնողին, փորձէ անգամ մը ապտակել կամ անոր վրայ ջուր թափել եւ պիտի տեսնես որ ան պիտի բարկանայ։ Այս ընելով ան ինքզինք է որ կը հակասէ, որովհետեւ, եթէ կընդունի որ իր «ճակատագիրն» էր այդ օր ապտակուիլը, բնա՛ւ իրաւունք չունի ընդվզելու զինք ապտակողին դէմ։ Զինք ապտակողին դէմ ընդվզիլը՝ Աստուծոյ կամքին հակառակիլ եւ անոր դէմ ընդվզիլ պիտի նկատուէր։ Նման տրամաբանութիւն տրամաբանական կը գտնէ՞ք։ Հետեւեալ քանի մը կէտերը նկատողութեան պէտք է առնել.-
Առաջին.– Պէտք չէ ճակատագիրի գոյութեան վերագրել այն ինչ որ մարդոց անկարգութեան եւ անպատասխանատուութեան արդիւնքն է։
Օրինակ, երբ շէնք մը փուլ կու գայ եւ անոր բնակիչները կը մահանան, փոխանակ ըսենք. «Անոնց ճակատագիրն էր», նախ մասնագէտներ բերենք որպէսզի շէնքին փլելուն պատճառները քննեն։ Ո՛վ գիտէ, թերեւս շատ աւազ խառնուած էր անոր պեթոնին մէջ եւ կամ պէտք եղած քանակութեամբ երկաթ չէր դրուած անոր մէջ, եւ ատոնք դարձան պատճառ որ շէնքը փուլ գայ։ Երբ ամէն ինչ օրէնքով, կարգ ու կանոնով ըլլայ, փորձանքները նուազագոյնի կþիջնեն եւ զԱստուած այպանողներուն ալ թիւը կը նուազի։ Մարդոց անպատասխանատուութեան զոհ գացողներ թող զԱստուած պատասխանատու չդարձնեն։
Երկրորդ.- Քանի որ մարդ արարածը որոշումներ առնելու կարելիութիւնը ունի, ուրեմն, չի կրնար ճակատագիր գոյութիւն ունենալ։ Երբ մարդը որոշում մը կþառնէ եւ զանիկա կը գործադրէ, անկասկած որ պիտի հանդիպի անոր հետեւանքներուն։ Մեր առած որոշումներուն եւ կատարած գործերուն հետեւանքները պէտք չէ վերագրել ճակատագիրի։
Երրորդ.- Աստուած մարդը ստեղծած է ազատ կամքով։ Մարդիկ յաճախ իրենց ազատ կամքով կը կատարեն գործ մը եւ երբ փորձանքի հանդիպին՝ զԱստուած կþայպանեն։ Բայց ինչո՞ւ այպանել զԱստուած, երբ Աստուած ինք չստիպեր մարդուն կատարելու այսինչ կամ այնինչ գործը։
Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կըսէ. «Չարը արդիւնքն է մարդուն ազատ կամքին ու գործերուն։ Աստուած մարդուն տուած է բացարձակ ազատութիւնը՝ ընտրելու եւ ընելու ինչ որ կուզէ, ընտրելու չարը կամ բարին, մահը կամ կեանքը։ Բայց Աստուած մարդուն կը յիշեցնէ նաեւ, որ մեր ընտրութիւնը իր հետեւանքները ունի, որ մարդ պիտի կրէ անպայմանօրէն։ Սխալ որոշում մը իր ցաւալի արդիւնքները կրնայ ունենալ, որ մարդ պիտի կրէ անխուսափելիօրէն։ Աստուած մարդուն ցոյց կու տայ ուղիղը, բայց չի կաշկանդեր մարդուն ազատութիւնը՝ ընտրելու ինչ որ կուզէ»։
Չորրորդ.- Աստուծոյ թոյլտուութեամբ կրնան պատահիլ միայն այնպիսի՛ փորձութիւններ որոնք կը նպաստեն մեր փրկութեան։
Փորձութիւններ որոնք մեզ կը հեռացնեն Քրիստոսէ՝ չեն կրնար Աստուծոյ կողմէ ըլլալ։ Փորձութիւններ կան որոնք Սատանային կողմէ կու գան։ Եթէ նման փորձութիւններ վերագրենք ճակատագիրի գոյութեան եւ ճակատագիրին ալ հեղինակը Աստուած նկատենք, այդ պարագային, Սատանային ըրածը Աստուծոյ վերագրած կըլլանք։ Բայց առաքեալը կը վկայէ, որ «Աստուած մասնակից չէ փորձութիւններուն որոնք չարէն կու գան» (Յկ 1.13)։
Աշխարհ լի է տեսակ-տեսակ փորձանքներով։ Ո՛չ ոք կրնայ զերծ մնալ անոնցմէ։ Ո՛չ հաւատացեալը եւ ո՛չ ալ անհաւատը, ո՛չ քրիստոնեան եւ ո՛չ ալ հեթանոսը։ Երկուքն ալ հաւասարապէս փորձութիւններու ենթակայ են։ Բայց երանելի է միայն ան՝ որ Քրիստոսի համար է որ կը չարչարուի (Ա.Պտ 4.14)։ Ճշմարիտ քրիստոնեան, փորձութիւնը աստուածապարգեւ օրհնութիւն եւ Քրիստոսի չարչարանքներուն մասնակցութիւն կը նկատէ եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ կողմէ մեր ճակատներուն վրայ դրոշմուած անէծք։
ՎԱՂԻՆԱԿ ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ