Պոլսոյ «Հայ Ձայն»ի աղբիւրին փոխանցմամբ պատրիարարքարանի մէջ եղած դռնփակ ժողովին արդիւնքով Տ. Գարեգին արք. Պեքճեան ընտրուած է տեղապահ:
Յիշեցնենք, որ այսօրուան նիստը գոյացաւ Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածնի մէջ շաբաթներ առաջ ձեռք բերուած համաձայնութեան շնորհիւ:
Տեղապահութեան երեք թեկնածուներն էին ՝ Տ. Սահակ, Տ. Գարեգին եւ Տ. Արամ սրբազան հայրերը:
Տ. Սահակ սրբազան, որուն կրօնական ժողովի ատենապետութեան պաշտօնէն անակնկալ հրաժարիլ բաւական բարդ դրութեան մէջ դրած էր պոլսահայ համայնքը, օրեր առաջ յայտարարած էր, թէ յետս կը կոչէ տեղապահի պաշտօնին իր թեկնածուութիւնը կրօնաւոր դասուն խորհուրդ տալով քուէարկել ՝ ի նպաստ Տ. Գարեգին սրբազանին:
Այսօր արդէն տեղապահութեան պաշտօնը ստանձնած Տ. Գարեգին արք. Պեքճեանին հիմնական առաքելութիւնը պիտի ըլլայ համընդհանուր ճիգերով եւ համայնքի լայն շրջանակներու օգնութեամբ պատրաստել Պոլսոյ յառաջիկայ Պատրիարքի ընտրութիւնը:
Պոլսոյ դարաւոր աթոռին հասնող Պատրիարքը պիտի ըլլայ Պոլսահայոց ազգընտիր 85-րդ Պատրիարք:
Աղբյուր՝ haydzayn.am