Երեւանի մէջ, վերջերս, հանդիսաւորապէս տօնուեցաւ Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի հիմնադրման 200-ամեակը: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ․ Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան, որ շրջան մը պաշտօնավարած է հնագոյն ճեմարանին մէջ, նոյնպէս հանդիսութեան մասնակիցներու կարգին էր: Ան այդ տարիներուն ուսումնասիրած է հնդկահայ գաղութին հարուստ պատմութիւնը եւ յետագային այդ մասին գիրք հրատարակած:
Յոբելեանական այս առիթով հարցազրոյց մը ունեցանք Տ․ Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեանին հետ, որ պատմեց թէ՛ իր պաշտօնավարութեան շրջանին մասին եւ թէ դիտարկումներ կատարեց այսօր մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն շուրջ:
-Հա՛յր Սուրբ, Դուք շրջան մը պաշտօնավարած էք Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանէն ներս: Ի՞նչ տպաւորութիւններ, յիշողութիւններ ունիք այդ տարիներէն:
-Նախ եւ առաջ սրտանց եւ անհուն ուրախութեամբ կը շնորհաւորեմ բոլորս՝ Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի հիմնադրութեան 200-ամեակին առիթով, այն հաստատ համոզումով, որ այս կրթական հաստատութիւնը տակաւին երկա՜ր տարիներ հաւատարիմ մնալով իր հիմնադիրներուն՝ Աստուածատուր Մուրատխանեանի եւ Մնացական Վարդանեանի տեսիլքին, հայրենիքէն հեռու իր սրբազան առաքելութիւնը պիտի շարունակէ, պիտի կրթէ եւ դաստիարակէ հայ երեխաները՝ հայաշունչ ոգիով ու ազգային գիտակցութեամբ։
Իբրեւ վարչական տնօրէն, ճեմարանէն ներս պաշտօնավարած եմ 2005-2008 ժամանակահատուածին, կրթօճախին նորագոյն պատմութեան ամենէն դժուար եւ անցումային փուլերուն, երբ սկիզբ դրուեցաւ ճեմարանի իրական վերածնունդին։ Այն ատեն խնդիրները շատ էին՝ շէնքերու անմխիթար վիճակ, կրթական ցած մակարդակ, ուսուցչական ոչ-արհեստավարժ կազմ, երեխաներու խեղուած հոգեբանութիւն եւ մտածողութիւն, բայց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, աշխատակազմի անդուլ աշխատանքին, նուիրուածութեան շնորհիւ եւ Կալկաթայի եկեղեցական վարչութեան օժանդակութեամբ՝ յաջողեցանք իրավիճակը կարգաւորել ու յաջողութիւններ արձանագրել: Յիշողութիւններս եւ տպաւորութիւններս խառն են եւ ոչ ամբողջական: Ծանր եւ արկածներով լեցուն օրեր ապրած եմ, սակայն, միեւնոյն ատեն ուրախացած եմ արձանագրած թէեւ չնչին յաջողութիւններով։
Հակառակ աշխատանքային եւ համայնքային հարցերով ծանրաբեռնուածութեան՝ այդ տարիներուն սկսայ հնդկահայ գաղութին պատմութիւնը ուսումնասիրել եւ 2007 թուականին լոյս տեսաւ առաջին գիրքս՝ «Արեւմտեան Պենկալիոյ մէջ թաղուած հայ հոգեւորականները» խորագրով։
Այս աշխատասիրութեան շնորհիւ պահպանուեցան ու փրկուեցան բազմաթիւ տապանաքարերու լուսանկարներ ու արձանագրութիւններ, որոնք այսօր կա՛մ անընթեռնելի են եւ կա՛մ պարզապէս չկան։
-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք ճեմարանի դերը սփիւռքի պահպանման գործին մէջ եւ Հնդկաստանի անցեալի հայկական յիշատակները պահպանելու առումով:
-Ճեմարանը հնդկահայ գաղութին բաբախող սիրտն է՝ միակ հայախօս հաստատութիւնը Հնդկաստանի մէջ, որ կը համախմբէ ու յոյս կը ներշնչէ փոքրաթիւ հնդկահայերուն։ 1999 թուականին Կալկաթայի Բարձրագոյն դատարանի որոշումով, Ճեմարանը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տնօրինութեան յանձնուեցաւ։ Այս պատմական որոշումով ճեմարանին յարատեւութիւնը ամրագրուեցաւ։ Հետեւաբար, մինչեւ այն ատեն երբ Ճեմարանը կը գործէ, հնդկահայ գաղութն ու պատմական ժառանգութիւնը կը պահպանուին:
Հնդկահայ գաղութը, որ հիմնականօրէն ջուղայեցիներու սերունդներէն բաղկացած է, ընդհանրապէս կը տարբերի սփիւռքի միւս համայնքներէն: Ներկայիս որոշ խառն ամուսնութիւններ կան հայաստանցիներու հետ: Այստեղ երբեք քաղաքական կուսակցութիւններ չեն եղած եւ հայերը ընդհանրապէս առեւտուրով զբաղած են։ Բնակլիմայական պայմաններէն մղուած՝ հայերը նախընտրած են Հնդկաստանի մէջ առեւտուրով զբաղիլ, բայց ապրիլ՝ Անգլիոյ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ։ Ճեմարանաւարտներն ալ ուսում ստանալէ ետք արտերկիր մեկնած են ու մեծ յաջողութիւններ արձանագրած զանազան ասպարէզներու մէջ։
-Ի՞նչ գնահատական կու տաք Հայաստանէն դուրս գործող հայկական կրթական հաստատութիւններուն, որոնք ամէն ջանքով կը պահեն հայեցի ոգին:
-Սփիւռքի մէջ գործող կրթական հաստատութիւնները գովեստի արժանի են եւ շատ կարեւոր առաքելութիւն ունին՝ ազգային կրթութեան եւ դաստիարակութեան միջոցով պահպանել հայկական ինքնութիւնն ու ոգին։ Այդ հաստատութիւնները կրթական բարձր մակարդակով ու տնտեսական տեսանկիւնէն մատչելի եւ մրցունակ հաստատութիւններ պէտք է ըլլան, որպէսզի հայ ծնողները ձգտին իրենց երեխաները հայկական կրթօճախներ տանիլ: Անշուշտ, հարցերը բազմաթիւ են, բայց երբ առաքելութեան գիտակցութիւն ու նուիրում կայ, անկարելին կարելի կը դառնայ։ Ուստի, շնորհակալութիւն բոլոր այն նուիրեալներուն, որոնց շնորհիւ հայ երեխան կը կրթուի եւ կը դաստիարակուի հայեցի ոգիով ու գիտակցութեամբ։
-Ճեմարանի 200-ամեայ պատմութեան մէջ վերջին մէկ տարին աննախադէպ է այն առումով, որ աշակերտները հեռավար կարգով կը մասնակցին դասաւանդութեան: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այդ հանգամանքը եւ առհասարակ, համաճարակի պատճառով ստեղծուած այս աննախընթաց կացութիւնը ի՞նչ մեկնաբանութիւն կը ստանայ մեր եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ, այն առումով, որ մարդկային կենսակերպը շրջադարձ ապրած է:
-Այո՛, համավարակը փոխեց մեր կեանքը ու մեզ նոր մարտահրաւէրներու դիմաց կանգնեցուց: Համավարակը ստիպեց աստուածապարգեւ ժամանակը արժեւորել եւ աւելիով գնահատել մեր ունեցած ամէն ինչը, հարազատներն ու մտերիմները։ Համավարակը հոգեւոր տեսանկիւնէն նաեւ փորձութեան շրջան էր, երբ սկսանք մեր հոգիի փրկութեան ու մեր կեանքին մէջ Աստուծոյ կարեւորութեան մասին մտածել։ Յուսանք, որ կը յաղթահարենք համավարակը եւ դասեր քաղած՝ յաղթանակած դուրս կու գանք այս պատերազմէն։
Բնականաբար, այս բոլորէն անմասն չմնացին կրթական հաստատութիւնները։ Ուրախութեամբ պիտի արձանագրեմ, որ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ Մարդասիրական ճեմարանի երեխաներուն մէկ մասը ապահով վերադարձաւ Հայաստան եւ անցաւ հեռավար դասաւանդութեան: Այս ամիսներուն ընթացքին ճեմարանի կառավարիչին, տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներուն ջանքերուն շնորհիւ դասերը կանոնաւոր ու ըստ ժամանակացոյցի կ՚ընթանան: Աւագ դասարանի սաները արդէն իսկ Հնդկաստան մեկնած են՝ պետական քննութիւնները յանձնելու, իսկ մնացեալները կը սպասեն իրենց ճեմարան վերադարձին:
-Գալով հնդկահայ գաղութին. յայտնի է, որ շատ ծաղկուն հայկական գաղութ մը ունեցած ենք եւ այսօր հայութեան միայն հետքերը մնացած են: Արդեօք նոյն վտանգը կը սպառնա՞յ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մեր հայկական համայնքներուն՝ նօսրացման, ուծացման առումով:
-Հայկական սփիւռքը բազմաշերտ է եւ այսօր լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կանգնած է՝ ազգային ինքնութեան պահպանում, հոգեւոր-բարոյական ճգնաժամ, ազգային միասնական գաղափարախօսութեան բացակայութիւն եւ այլն: Մենք զարմանալի ազգ ենք. հայրենիքէն կը հեռանանք ու օտար երկիրներու մէջ կը սկսինք պայքարիլ մեր ինքնութեան պահպանումին համար…
Դարերէ ի վեր Հայոց Եկեղեցին հոգեփրկչական առաքելութեան զուգահեռ նաեւ ստանձնած է ինքնութիւն պահպանողի դեր: Այս բոլորը սակայն բաւարար չեն. միաբանելու ու առաւել զօրեղ ազգ դառնալու համար մենք պէտք է պատմութենէն դասեր քաղենք եւ հայրենիքակեդրոն ազգային գաղափարախօսութիւն ունենանք։
Դժբախտաբար, երբեմնի Մերձաւոր Արեւելքի ծաղկուն մեր գաղութները լաւ օրեր չեն ապրիր. պատերազմները, ընկերային-տնտեսական վատ պայմանները շատերը կը ստիպեն դարձեալ արտագաղթելու։ Անորոշ ապագան մարդոց թոյլ չի տար արարելու եւ չմտածելու երկիրը լքելու մասին։ Կատարեալ պիտի ըլլար, եթէ մեր հայրենակիցները հայրենիք վերադառնային… սակայն իրականութիւնը այլ է։ Մերձաւոր Արեւելքի հայկականութեան պահպանումը աշխարհասփիւռ հայութեան կարեւոր հարցերէն պէտք է ըլլայ, երբ անհրաժեշտ է բոլոր ջանքերը ի մի հաւաքել, յստակ ռազմավարութիւն մշակել ու քայլեր կատարել։ Աշխարհը փոխուած է, իսկ ուծացումի գործընթացները արագացած են: Այս բոլորի լոյսին տակ ազգովին կարիքն ունինք նոր ռազմավարութեան ու շօշափելի քայլերու։
-Մէկ կողմէն համայնքները կը նօսրանան, միւս կողմէն հայրենիքը տխուր օրեր կ՚ապրի եւ ունակ չէ լիարժէք ընդունելու աշխարհասփիւռ իր զաւակները: Ինչպէ՞ս կը տեսնէք մեր ժողովուրդի ապագան Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:
-Սփիւռքին երկարակեցութիւնը պայմանաւորուած է զօրաւոր, արդար, արժանապատիւ եւ իրաւահաւասար հայրենիքով։ Ուստի, բոլորս այս սրբազան առաքելութեան պիտի լծուինք։ Ճիշդ է, որ Արցախի վերջին պատերազմին կրած պարտութենէն ետք ալեկոծուած են մեր սիրտերն ու հոգիները, բազմաթիւ հարցերու պարագային անորոշութիւն կը տիրէ, բայց պէտք չէ թոյլ տանք, որ յուսալքութիւնը յաղթէ մեզի։ Անմիջապէս պէտք է մեր մէջքը շտկենք, իրատես աչքերով ու արդարամտութեամբ վերլուծենք մեր սխալները եւ առաջ անցնինք։
Այսօր մեզի անհրաժեշտ է միասնութիւն եւ կամք, սէր ու կարեկցանք մէկս միւսին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ պետականամէտ մտածողութիւն, ուր «ես»ը «մենք» կը դառնայ եւ անձնականը ազգային շահերուն կը ստորադասուի։ Եթէ կարենանք մեր սիրտի Հայաստանը ստեղծել, ապա ատով նոր ուժ եւ աւիւն կը հաղորդենք նաեւ սփիւռքին։ Մենք դատապարտուած ենք այս փորձութիւնն ալ յաղթահարելու եւ նոր յաղթանակներ կերտելու։ Պէտք է հաւատալ ու գործել, այլապէս սերունդները պիտի չներեն մեզի։
-Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը ի՞նչ դեր եւ ընելիք ունի՝ հայութեան առջեւ դրուած ներկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու առումով, ի՞նչ յստակ քայլերու դիմած է:
-Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի առաքելութիւնը հայորդիներուն ազգային-հոգեւոր դաստիարակութիւն ջամբելն է, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պատմութեան, դաւանանքին, տօնածիսական համակարգին, աւանդութիւններուն ծանօթացումը, ազգային ինքնութեամբ ու նկարագիրով, քրիստոնէական արժեհամակարգով եւ Աւետարանական պատգամներուն համահունչ բարոյական արժէքներով գիտակից անհատի ձեւաւորումը։ Այս բոլորը կը փորձենք իրականութիւն դարձնել Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներուն մէջ տասնվեց տարիէ ի վեր դասաւանդուող «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկային ու կիրակնօրեայ դպրոցներուն միջոցով։ Դժբախտաբար ներկայ իշխանութիւնը որոշում կայացուցած է ուսումնական ծրագիրէն դուրս ձգել «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան։ Իրողողութիւն մը, որ շատերուն մօտ մտահոգութեան ալիք բարձրացուցած է, երբ նկատի ունենանք վերջին շրջանին ազգային արժէքներու եւ կաճառներու դէմ նպատակաուղղուած արշաւը։
Յաճախ ուսուցիչներու եւ տարիքային զանազան խումբերու համար համագումար-դասախօսութիւններ կը կազմակերպենք, ինչպէս նաեւ դէպի հայոց սրբավայրեր ուխտագնացութիւնները կը խրախուսենք։ Յառաջիկային կը ծրագրենք նաեւ ուսուցողական բնոյթով հոգեւոր նոր գրականութեան հրատարակութիւն: Այս բոլորի կողքին, զանազան հարցերով կ՚օգնենք նաեւ մեզի դիմող սփիւռքեան կրթօճախներուն։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Աղբյուր՝ www.jamanak.com