Սիրելի Կորիւն Աբեղայ:
Վերջին երկու օրերուն ուշի-ուշով եւ քայլ առ քայլ հետեւեցայ քու եւ Տէր Արմէնին մեկնարկած «Նոր Հայաստան նոր Հայրապետ» կարգախօսը կրող նախաձեռնութեանդ: Մտորումներով, խոկումով եւ աղօթքով փորձեցի հասկնալ եւ ըմբռնել մտահոգութիւններդ: Անկեղծ ըլլալով ըսեմ թէ նախ ուզեցի աղոթքովս լուռ մնալ, որովհետեւ փորձեցի հասկնալ ընտրածդ ուղին եւ բուն նպատակդ: Սակայն երբ յայտարաութեամբ մը հաւակնեցիր վիրաւորել այլ եկեղեցականներ եւ մանաւանդ եպիսկոպոսներուն անուանեցիր վախկոտներ, (նուաստս ալ եպիսկոպոս է) որոնք չեն կրնար իրենց կարծիքը արտայայտել, ապա այլեւս լռելն անկարելի է:
Չէի ուզեր պատասխանս գրել սոցցանցերուն մէջ: Այդ ճիշդ չէ: Սակայն դուն ընտրեցիր այդ ձեւը, ուստի ստիպուած եմ ես ալ այստեղ հրապարակել պատասխանս:
Եթէ փորձեմ մէկ բառով ամփոփել նախաձեռնութեանդ առանցքը, ապա դա բարեփոխումն է, զոր մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան մէջ կը կոչուի բարեկարգում: Այս առնչութեամբ համամիտ եմ քեզի հետ: Բարեկարգում: Միանշանակ: Բարեկարգումը ընդհանրապէս քրիստոնէական եկեղեցւոյ եւ մասնաւորապէս մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ ծառայական կեանքին սկզբունքային հիմքը կը կազմէ: Քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիները, նոյնպէս նաեւ Հայ Եկեղեցին ունեցած են բարեկարգումի կամ լուսաւորութեան շրջաններ եւ այսօր ալ ունին ու միշտ պիտի ունենան: Հակիրճ ակնարկ մը մեր եկեղեցւոյ պատմութեան վրայ սփռելով պարզ կը դառնայ այն:
Հոս նպատակս եկեղեցւոյ ամբողջ պատմութիւնը շարադրելը չէ, վստահ ըլլալով որ Գէորգեան Ճեմարանի ուսումնառութեանդ տարիներուն հասու եղած ես այս բոլորին: Արդ այսօր ալ բարեկարգութեան հարցը մեր եկեղեցւոյ օրակարգին վրայ է: Սակայն ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կը մտածես կատարել բարեկարգութիւնդ: Եկեղեցւոյ տարբեր բնագաւառներ բարեկարգութեան կարիքն ունին: Ծիսական, իրաւական, կանոնական, քարոզչական, վարչական, ուսումնա-կրթական, ընկերային եւ այսպէս շարունակ:
– Դարեր ետք վերջին տասնամեակին Մայր Աթոռին մէջ հրաւիրուեցան միացեալ եպիսկոպոսաց ժողովներ, մասնակցութեամբ նուիրապետական Աթոռներու բոլոր Եպիսկոպոսներուն անխտիր: Արդեօ՞ք այս բարեկարգում չէ:
– Քրէակատարողական հաստատութիւններուն մէջ հոգեւոր ծառայութիւն հաստատուեցաւ: Արդեօ՞ք այս բարեկարգում չէ:
– ՀՀ Զինուած Ուժերու հոգեւոր առաջնորդութիւն հիմնուեցաւ: Արդեօ՞ք այս բարեկարգում չէ:
– Տանամեակներու քննարկումներէ ետք Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակները սրբադասուեցան: Արդեօ՞ք այս բարեկարգում չէ:
– Հայաստանի դպրոցներուն մէջ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան դասաւանդութիւնը սկիզբ առաւ: Արդեօ՞ք այս բարեկարգում չէ:
– Հրատարակութիւններ, նոր եկեղեցիներու կառուցում եւ օծում, քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի հիմնում, ուսուցիչներու վերապատրսատում ….. զորն ասեմ կամ զորն խոստովանիմ ….. Արդեօ՞ք ասոնք բարեկարգում չեն:
Սակայն եթէ նկատեցիր այս բոլոր բարեկարգումները կատարուեցան լուրջ եւ երկար քննարկումներու եւ ուսումնասիրութիւններու իբրեւ արդիւնք:
Անընդունելի է երբ բարեկարգում հիմնադրոյթը՝ այժմէական դրոյթ մը հնչեցնելով, շուրջդ հաւաքելով եկեղեցւոյ պայծառութեան նախանձախնդիր հաւատացեալներ եւ ոչ նախանձախնդիր այլ պատեհապաշտ անձեր, ելած ես հրապարակ՝ զրկելով հարցերը լուրջ, խորքային եւ աստուածաբանական քննարկումներու կարելիութենէն:
Բաց աստի յայտարարութիւններդ ինչքան ալ քողարկուած գեղեցկութեամբ հնչեն, ըստ երեւոյթին տեղեալկ չես հայ եկեղեցւոյ ոգիին:
Նաեւ յայտարարութիւնդ թէ Կաթողիկոսին պէտք է ընտրէ Սիւնհոդոսը (եպիսկոպոսաց Ժողովը) կամ (եւ) միաբանութիւնը, ճիշդ յայտարարութիւն չէ: Իսկզբանէ կաթողիկոսական ընտրութիւններուն միշտ ալ մասնակցած են տուեալ ժամանակի թագաւորներ, իշխաններ եւ աշխարհականներ, որուն սկզբունքային ոգով այսօր ամրագրուած է Ազգային Եկեղեցական Ժողովը՝ Եպիսկոպոսներու, միաբանութեանց ներկայացուցիչներու եւ թեմերու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Այս ալ պէտք է դուն իմանաս:
Հիմա կը յայտարարես թէ նախանձախնդրութիւնդ պոռթկումն է այն ապրումիդ, թէ Մայիս 28-ին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100 ամեակին նուիրուած Սարդարապատի մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր ոգեկոչումին ընթացքին, ժողովուրդը չէ ողջունած Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ Կաթողիկոսը: Սակայն ըսածդ իրականութեան չի համապատասխանիր: Այնուամենայնիւ միթէ ա՞յս է բարեկարգութեան «բարեփոխական յեղափոխութեանդ» դրդապատճառը: Միթէ ա՞յս է եկեղեցին բարեկարգելու եւ նոյնիսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաժարական պահանջելու հաւակնութեանդ կշռող նժարդ: Իսկապէ՞ս Հայր Կորիւն:
Կը ցաւիմ: Կը ցաւիմ նախաձեռնութեանդ որպէս հիմք ընդունած դրդապատճառին համար: Կը ցաւիմ բարեկարգութեան նպատակիդ (յստակ ալ չէ թէ ինչէ նպատակդ) հասնելու յայտարարութիւններուդ համար: Կը ցաւիմ բարեկարգութեանդ ընտրած ձեւին համար: Կը ցաւիմ եկեղեցիիդ եւ ինծի ցաւ պատճառելուդ համար:
Իրական ցաւով կը հորդորեմ որ ետ կանգնիս «նախաձեռնութենէդ» եւ քեզի վստահող հաւատացեալներուն մոլոր ճամբաներով չտանիս: Կը հրաւիրեմ որպէսզի վերադառնաս աղօթքի եւ խոկումի՝ ինչպէս ես աղօթքով եւ խոկումով մօտեցայ քեզի:
Վերջապէս քեզի կը յանձնեմ Սբ. Պօղոս Առաքեալի պատգամը. «Գերագոյն պատուիրանը սէրն է. անարատ սրտէ, մաքուր խղճմտանքէ եւ անկեղծ հաւատքէն բղխած սէրը: Շատեր այս պատուէրները մոռցած, դատարկ վիճաբանութեանց մէջ մտնելով՝ մեզի օրէնք սորվեցնելու ելեր են, մինչդեռ ո՛չ իրենց խօսածը գիտեն, ո՛չ ալ Աստուծոյ օրէնքը, որուն մասին այնքան վստահութեամբ կը ճառեն»:
Արմաշ Եպս. Նալպանտեան
Առաջնորդ Դամասկոսի Հայոց Թեմի
Դամասկոս, 6 Յունիս 2018