Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Արմաշ եպիսկոպոս Նալբանդյանը ֆեյսբուքյան իր էջում գրել է. «Ողջոյն Դամասկոսէն: Հայաստանին մէջ յաճախ քննարկութեան նիւթ դարձած է դպրոցական ուսումնակրթական ծրագիրին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն առարկան: Հայաստանի Կրթութեան Նախարարութեան կատարած ուսումնակրթական ծրագիրի բարեփոխումներու ծիրէն ներս Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան առարկան Հայաստանի դպրոցական ուսումնակրթական ծրագիրէն ջնջելու որոշումին լոյսին տակ, վերջին օրերուն այս քննարկումը սաստկանալով յուզած է բազմահազար հայրենի ուսուցիչներ, դաստիարակներ, աշակերտներ եւ ծնողներ:
Այս յուզումին ալիքը անցնելով Հայաստանի սահմաններէն փոթորկած է նաեւ սփիւռքի շատ մը նախանձախնդիր հայորդիներուն հոգին: Հայաստանը մեր բոլորին սիրտին մէջն է իր պետականութեամբ, եկեղեցիով, ազգային եւ մանաւանդ հոգեւոր արժէքներով: Հայաստանի հետ կապը էական եւ գոյութենական նշանակութիւն ունի ամէն մէկ սփիւռքահային համար: Այս կապը էական է նաեւ մայր հայրենիք Հայաստանին համար: Այդ իսկ պատճառով սփիւռքի եկեղեցական ու հայկական մշակութային եւ հայրենակցական միութիւններ կարելին եւ անկարելին կ’ընեն այս կապը ստեղծելու եւ զայն ամուր պահելու համար: Այս գիտակցութիւնը եւ անոր անհրաժեշտութիւնը կենսականօրէն կը փոխանցուի մատղաշ սերունդին անոր մէջ բոցավառելով հայրենասիրութիւնն ու ազգասիրութիւնը: Հետեւաբար սփիւռքեան կառոյցները կը կազմակերպեն պտոյտներ եւ ուխտագնացութիւններ, որոնց միջոցաւ մեծ եւ փոքր, տարեց եւ երիտասարդ կը մասնակցին կրթական, մշակութային, ազգային, մարզական եւ այլ համահայկական միջոցառումներու եւ հանդիպումներու:
Սփիւռքի եւ Հայաստանի մանուկներուն եւ երիտասարդներուն հանդիպումները վառ ապացոյց կրնան հանդիսանալ, թէ իչնքա՜ն կարեւոր է նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան իմացութիւնը:
Արդարեւ, այստեղ կը փափագիմ անձնական վկայութիւն մը մէջբերել: Տարիներ շարունակ (Սուրիոյ պատերազմէն առաջ) Սուրիա եւ Դամասկոս այցելած են Հայաստանցի պատանիներ եւ երիտասարդներ՝ արեւելեան ինստիտուտի մէջ ուսանելու արաբերէն լեզու եւ գրականութիւն: Ուսանողները ամէն առիթ օգտագործած են նաեւ այցելելու տեղի հայկական միութիւններն եւ եկեղեցին: Ես յաճախ առիթը ունեցած եմ հանդիպելու իրենց հետ եւ մտերմիկ զրոյցներ ունենալու: Մեր զրոյցներուն ընթացքին նկատած եմ թէ ինչպէս աւագ երիտասարդները խեղճանալով ակնապիշ եւ ականջալուր կը մնային երբ կը զգային թէ տկար են իրենց ազգային եկեղեցւոյ պատմութեան, աւանդութեան եւ հոգեւոր քրիստոնէական գիտելիքներով: Մինչ մատղաշ երիտասարդները հպարտութեամբ եւ իրենց գիտելիքներով աւելի դիւրին կը շաղախուէին տեղի հայ երիտասարդներուն հետ: Դեռ աւելին, տեղացի երիտասարդներ կը զարմանային թէ ինչպէ՞ս Հայաստանէն եւ Հայրենիքէն եկող երիտասարդներ այսպիսի կարեւոր գիտելիքներու չեն տիրապետեր: Պատճառը պարզ է. Աւագ երիտասարդները առիթը չէին ունեցած դպրոցական իրենց ուսումնասիրութեան ընթացքին Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան ծանօթանալու: Ահաւասիկ հոս կը կայանայ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան իմացութեան կարեւորութիւնը հայ երիտասարդին համար: Ուստի կը հաստատեմ թէ Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութեան իմացութիւնը Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայ դպրոցականին կամրջող ամենակարեւոր գրաւականներէն մին է:
Հետեւաբար սփիւռքէն հայրենի մեր պետութեան կը յայտնեմ իմ մտահոգութիւնս եւ վրդովմունքս՝ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան առարկան Հայաստանի դպրոցական ուսումնակրթական ծրագիրէն ջնջելու առնչութեամբ: Եւ կ’ուղղեմ հետեւեալ հարցադրումները.
1. Ի՞նչ է նպատակը այսպիսի կարեւոր ուսումնական առարկան ուսումնակրթական ծրագիրէն հանելուն որոշումին:
2. Ինչո՞ւ առիթ պիտի տրուի տարբեր մակարդակներով եւ Facebook-եան հարթակին վրայ քննարկելու այս առարկային կարեւորութիւնը: Այսինքն ի՞նչ: Ի՞նչ արդիւնքի պիտի սպասենք: Արդեօք ալ չկա՞ն մարդիկ, որոնք կը գիտակցին կարեւորութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն առարկային: Արդեօք ալ չմնացի՞ն գիտակից Կրթութեան Նախարար, Փոխնախարար, ուսումնակրթական վարչութեան տնօրէն, ուսուցիչ, դպրոցի տնօրէն, որոնք կը սպասեն ժողովրդային արձագանքին:
3. Կ’ըսուի թէ, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան առարկային դասաւանդումը կը ծանրաբեռնէ աշակերտին դասացուցակը: Անհեթեթ մտածելակերպ: Նոյն տրամաբանութեամբ կարելի է խօսիլ այլ առարկաներուն մասին: Ուրեմն բոլոր նիւթերուն քննարկո՞ւմն ալ դնենք ժողովրդային քննարկութեան: Ուրեմն հանե՞նք նաեւ ֆիզիքան, որովհետեւ ֆիզիքոս դարձող աշակերտներուն տոկոսը շատ չէ: Ուրեմն հանե՞նք նաեւ թուաբանութիւնը, որովհետեւ մաթեմաթիկոս դարձող աշակերտներուն տոկոսը շատ չէ: Ու այսպէս կրնանք շարունակել: Պատասխանը միանշանակ է. Ո՛Չ: Անշուշտ ոչ: Այս բոլոր առարկաները անհրաժեշտ են կրթութեան եւ դաստիարակութեան համար: Որովհետեւ դպրոցը միայն գիտելիքներու ուսումնառութեան տուն չէ, այլ նաեւ մարդակերտումի օջախ է:
4. Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն առարկան կը դասաւանդէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դաւանութիւնը, աւանդութիւնները, քրիստոնէական վարդապետութիւնը եւ այլն: Այս չի կրնար եւ պէտք չէ ձուլուի այլ առարկայի մը հետ: Նոյնիսկ հայ ժողովուրդի պատմութիւն առարկային հետ: Գիտութեան տարբեր դաշտեր են: Կարեւորութեան պարզ շեշտադրումով մը պէտք է հաստատուի, օրինակ՝ Գրիգոր Լուսաւորիչը պատմական ա՞նձ է միայն, թէ՞ նաեւ Հայ Ժողովուրդին Սուրբ Հայրապետն է: Եղիշէի պատմութիւնը միայն վարդանանց ճակատամարտին պատմութիւ՞նն է, թէ՞ նաեւ Սուրբ Վարդանանց վարքաբանութիւնը: Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութիւնը» միջնադարեան գրականութեան գոհա՞ր է միայն, թէ՞ նաեւ աղօթագիրք: Եւ դեռ կարելի է այսպէս շարունակել:
5. Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն առարկային դասաւանդումը հայ աշակերտը կը կապէ իր անցեալի աւանդութեան, մշակոյթին եւ իր սփիւռքի հայրենակիցին հետ:
6. Դպրոցական դասաւանդմամբ աշակերտ մը շատ մը գիտելիքներ ձեռք կը բերէ: Սակայն միայն Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն առարկային եւ կրօնի առարկային ընդմէջէն աշակերտ մը կը կրնայ սորուիլ գեղեցիկին, սիրոյ, ներողամտութեան, հոգւոյ փրկութեան եւ Աւետարանի քրիստոնէական արժէքներուն մասին: Այս արժէքները մերն են՝ մեր նախնիներէն աւանդուած: Մեր նախնեաց արժէքները իմն են՝ իբրեւ եկեղեցական, Կրթութեան Նախարարինն են՝ իբրեւ պետական այր, դպրոցի տնօրէնինն ու ուսուցիչինն են՝ իբրեւ վարժապետներ, ծնողներունն ու աշակերտներունն են, մեր բոլորինն են:
Այս բոլորէն յետոյ ինչո՞ւ զրկել հայ աշակերտը իր ազգային եւ կրօնական եւ նաեւ քրիստոնէական ինքնութիւնն ու նկարագիրը ուսանելու կարելիութենէն: Մենք այդ իրաւունքը ունի՞նք արդեօք:
Արեւելքին մէջ, ի մասնաւորի Սուրիոյ մէջ, կան հայկական դպրոցներ եւ վարժարաններ: Ինչպէս պետական դպրոցներէն ներս, այնպէս ալ Հայկական դպրոցներէն ներս կը դասաւանդուին Սուրիոյ Կրթութեան նախարարութեան կողմէ հաստատուած առարկաները: Եթէ ընդհանրապէս դպրոցական գիտելիքներու ուսուցումը կ’ապահովուի պետական դպրոցներէն ներս, ապա ինչո՞ւ յաւելեալ ճիգերով հայկական դպրոցներ կը բանանք: Արդ, երբ ահռելի ջանք եւ նիւթական միջոցներ ի գործ կը դրուին հայկական վարժարաններուն դռները բաց պահելու համար, որպէսզի գէթ մէկ դասաժամ աւելցնելով հայ աշակերտին տրուի հայ լեզուի, պատմութեան եւ կրօնի դասաւանդումը, արդեօք ինչի՞ն մէջ կը կայանա հայ դպրոցին կարեւորոթւինն ու անհրաժեշտութիւնը: Միայն մէկ բանին մէջ: Հայ մանուկը կրթել հայեցի, հայոց լեզուի ու պատմութեան եւ մանաւանդ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, աւանդութեան եւ հայ կրօնի գիտելիքներով: Այս կապակցութեամբ Սուրիոյ Պետութիւնը եւ Կրթութեան Նախարարութիւնը կը տրամադրեն իրենց կարելի բոլոր օժանդակութիւնները:
Ուստի հայ դպրոցը միայն մարդակերտումի օջախ չէ, այլ նաեւ ու մանաւանդ քրիստոնեայ հայակերտումի օջախ է: Եթէ Սուրիոյ մէջ այսպէս է ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ ալ այսպէս պիտի չ’ըլլայ:
Հետեւաբար գիտակցինք Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն առարկային կարեւորութիւնը եւ նշանակութիւնը եւ պահենք ուսումնակրթական ծրագրին մէջ:
Մտահոգ յարգանօք`
Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան
Առաջնորդ Դամասկոս Հայոց Թեմի
Դամասկոս – Սուրիա
6 Յուլիս 2020