Վիրահայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի կողմէ՝ օրեր առաջ օծուած Վէմքարը տեղադրելէ յետոյ՝ Նոյեմբերի 26-ին Կուլիկամի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, օրհնութեամբ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ հոգեշնորհ Տէր Բաբգէն վարդապետ Սալբիյեանի, ձեռամբ Ախալքալաքի եւ յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տէր Տաթեւ քահանայ Մարուքեանի, երկարատեւ դադարէ յետոյ մատուցուած է Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Այս մասին կը տեղկացնէ Ջաւախքի առաջնորդական փոխանորդութեան մամլոյ դիւանը, նշելով, որ հակառակ ցուրտ եղանակին` հաւատացեալներու շատ մեծ խումբ մը ներկայ եղած է՝ հաղորդակից ըլլալու Սուրբ Խորհուրդին: Յընթացս Սուրբ Պատարագի՝ արժանապատիւ Տէր Հայրը յաւուր պատշաճի քարոզած է ու մեկնած օրուան խորհուրդը:
Ախալքալաքի շրջանի հայաբնակ գիւղերէն` Կուլիկամ գիւղի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին կառուցուած է 19-րդ դարու կէսերուն` 1865-ին: Եկեղեցին վերանորոգուած է եւ կը գործէ 2000-էն ի վեր: Սակայն օծուած չըլլալուն պատճառով՝ երկար տարիներ է՝ Սուրբ Պատարագ չէ մատուցուած:
Աղբյուր՝ www.arevelk.am