Պաշտօնական լրահոսէն տեղեկացանք Հայ-Ատրպէյճանական սահմանին տիրող լարուած իրավիճակի մասին, որ սկիզբ առած էր Յուլիս 12ին, հակառակորդի կողմէ սանձազերծած լայնածաւալ սադրիչ գործողութիւններու հետեւանքով։ Տաւուշի մարզի սահմանապահ բնակավայրերու վրայ բիրտ նախայարձակումը կասեցուեցաւ շնորհիւ մեր փառապանծ Հայոց Բանակի քաջարի զինուորներու։
Սա պահուս ալ մեր յաղթական բանակը կը շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը՝ անառիկ պահելով Մայր Հայաստանի եւ Արցախի Անկախ Հանրապետութեան սահմանները։ Ինչպէս յայտարարած է հայրենի իշխանութեան ռազմական ղեկավարութիւնը, մեր խաղաղապահ բանակը ի զօրու է եւ պատրաստ կանխել ցանկացած ոտնձգութիւն՝ համարժէք հակահարուած տալով հակառակորդին։
Խիստ մտահոգ ենք, որ համավարակով պայմանաւորուած համաշխարհային առողջապահական ճգնաժամի այս օրերուն Ատրպէյճան ռազմատենչ հռետորաբանութեամբ անհեռատես եւ կործանարար ընթացք որդեգրած է։
Դատապարտելի է ցեղասպան Թուրքիոյ պաշտօնական յայտարարութիւնը, որով փաստերու բացայայտ խեղաթիւրմամբ փորձ կը կատարուի ռազմական գործողութիւններու պատասխանատուութիւնը դնել Հայաստանի վրայ։ Համաշխարհային մշակութային ժառանգութիւն հանդիսացող Ս․ Սոֆիայի տաճարը մզկիթի վերածած Թուրքիոյ կը յորդորենք նախ հաշուի նստիլ սեփական անցեալի եւ արիւնոտ պատմութեան հետ զաւթիչ Ատրպէյճանին սատարելէ առաջ։
Կոչ կ’ուղղենք միջազգային հանրութեան, ինչպէս նաեւ դաշնակից պետութիւններուն դուրս գալ իրենց կրաւորական դիրքերէն եւ կոշտ գնահատականի արժանացնել Ատրպէյճանի տարածապաշտական բիրտ նկրտումները։
Մեր սիրեցեալ ժողովուրդին կը մաղթենք կամք, կորով եւ միասնականութիւն։ Որպէս Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդ պարտինք մշտապէս ըլլալ պատնէշին վրայ՝ ամենայն զգօնութեամբ պաշտպանելու մեր միակ հայրենիք դրախտավայր Հայաստանը, եթէ հարկ ըլլայ՝ նոյնիսկ արեան գնով։
Մեր սրտաբուխ աղօթքը կը վերառաքենք առ Աստուած հայրենիքի պաշտպանութեան համար մարտիրոսացած մեր քաջարի հերոսներու հոգիներուն համար։ Սրտագինս կը ցաւակցինք անոնց հարազատներուն՝ մաղթելով Սուրբ Հոգիի մխիթարութիւնը։ Շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք մեր վիրաւորներուն։
Մնացէք աղօթքով խաղաղութեան եւ յաղթանակի համար՝ պատրաստ Ձեր աղօթքները գործի վերածելու։
Թո՛ղ Աշոտ Երկաթի փրկչական սուրբ խաչը ապաւէն ըլլայ մեզ բոլորիս։ Ամէն։
Աղօթարար՝
Յովնան Արք․ Տէրտէրեան, Առաջնորդ
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի