Գևորգյան հոգևոր ճեմարանը ստեղծված լինելով ազգային պետականության բացակայության պայմաններում՝ մեծ ավանդ ունեցավ գրականության, գիտության, հասարակական-քաղաքական մտքի զարգացման բնագավառում: Այսօր էլ այն շարունակում է իր առաքելությունը` անցյալի օրինակով տալով հոգևորականներ, ազգային գործիչներ, ովքեր իրենց նվիրումն ու ծառայությունն են բերում մայր եկեղեցուն, հայրենիքին ու ժողովրդին:
Ճեմարանական տարիների, ԳՀՃ-ի դերի ու առաքելության մասին մեզ հետ զրուցում է 2007-2010թթ. ճեմարանի տեսուչ Գերաշնորհ Տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալյանը:
-Ի՞նչ դեր և կարևորություն են ունեցել տեսչական մի քանի տարիները Ձեր կյանքում:
-Այսքան մեծ ու լուրջ հաստատութեան մը պատասխանատուութիւնը ստանցնել ինքնին ծանրաճնշիչ էր բաւական եւ կը վախցնէր զիս բազմապիսի ակնկալութիւններով ուսերուս վրայ զետեղուած: Մարդ կերտել, ապագայ սերունդ եկեղեցականներ ձեւաւորել, ազգին առաջնորդներ պատրաստել եւ առաքեալներ ուղարկել հայաշխարհին՝ սուրբ եւ նոյնքան վախազդու գործ մըն էր: Միշտ սարսուռ մը կրեցի սրտիս մէջ, որ արթուն կը պահէր զիս տեսչութեանս տարիներուն: Սակայն եւ այնպէս զուգահեռաբար գործին դրական արդիւնքները տեսնելով` մեծ մխիթարութիւն ապրելու հաճոյքն ու խրճուանքն ալ կը վայելէի, ի հարկէ: Հատուցումը մեծ եւ արդիւնքներով գոհացուցիչ աշխատանք մըն էր տեսչութիւնը: Հայ Եկեղեցւոյ հարիւրաւոր եկեղեցականներուն վրայ ձեւով մը ազդել եւ վաստակ ունենալ անոնց ապագայ առաքելութեանց մէջ. կրնամ ըսել, որ ամենէն արդիւնաբեր տարիները եղան կիսադարեան կեանքիս:
-Ի՞նչ խնդիրներ կային այդ տարիներին. այսօր դրանք լուծված տեսնո՞ւմ եք:
-Ճեմարանի ուսման եւ գիտական մակարդակը բարձրացնելու խնդիրներ կային: Ակատեմիկ մակարդակը մեր ճեմարաններուն պետական համալսարանի աստիճանին համազօր ճանաչում գտնելով բարձրացաւ: Կրօնական թեմաներով դասախօսներ ճարելու դժուարութիւններ կային` նոյնիսկ սովի աստիճան: Արտասահման ուղարկուած եկեղեցականները, վերադառնալով, դասախօսի պաշտօններ ստացան եւ որպէս հետեւանք՝աստուածաբանական նիւթերու դասաւանդումը զօրացաւ` ստանալով խորութիւն եւ միջազգային մակարդակ:
Կը ցանկանայինք, որ մեր աշակերտները, իրենց աշխատելիք դաշտը ճանչնալով, շարունակեն իրենց դպրոցական կեանքը եւ փորձառութիւնը ձեռք բերէին եկեղեցական իրական կեանքին: Այս նպատակով արդէն իրենց ամառուան արձակուրդի ընթացքին Վեհափառ հօր հրամանով կ’ ուղարկուէին զանազան թէմեր, «ճամբարներ», հիւանդանոցներ եւ նոյնիսկ արտասահման, որպէսզի կիրարկէին իրենց սորվածները եւ փորձառութիւն ձեռք բերէին:
Տեղի խնդիրներ կային: Վեհափառ Հայրապետի թանկարժէք նուէրը եղաւ օժտել ճեմարանի համալիրը նորակառոյց Սրբոց Հրեշտակապետաց Եկեղեցիով եւ ուսումնական շէնքին կից կառուցուած նոր դահլիճով եւ մարզասրահով: Այս կառոյցները վստահաբար նոր թափ եւ որակ պիտի հաղորդեն ուսումնական աշխատանքներուն:
-Խնդրանքս է, որ մտաբերեք որևէ հիշարժան, հետաքրքիր դեպք ճեմարանում անցկացրած տարիներից:
-Միշտ ուրախ առիթներ եղած են Կաղանդչէքերը եւ տօնական սեղանները, որոնք դարձան տաքուկ յիշատակներ ճեմարանի օրերէն մնացած: Հինգշաբթի գիշերները հսկումի եւ խոկումի պահերը սկսանք Մայր Տաճարի մթութեան մէջ եւ կատարեալ լռութեամբ՝ քննելով մեր սիրտերը Աստուծոյ առջեւ: Միածինը կրկին կ’իջնար կարծես` Տաճարին մթութեան մէջ սրբութեամբ պարուրուած: Վերջին դասարանի աշակերտներու առաջին քարոզները լսել եւ դիտել իրենց մատնուած հուճապը՝ հաճելի էր եւ շատ յաճախ ծիծաղաշարժ: Քանի անգամներ տխրութեամբ կը լեցուէր սիրտս, երբ ստիպուած կը մնայինք չորրորդ կամ հինգերորդ դասարանի աշակերտները հեռացնել ճեմարանէն. դառն դեղ մը խմելու պէս էր:
-Սրբազան հայր, ներկայումս շատերն այն կարծիքին են, որ երիտասարդությունը հեռացել է ավանդույթներից, հետաքրքրություն չունի հոգևոր կյանքի, եկեղեցու նկատմամբ. ո՞րն է Ձեր տեսակետը. Դուք ինչպիսի՞ դիմորդներ, ուսանողներ եք ունեցել:
-Ներկայ աշխարհը գրաւիչ է, յատկապէս երիտասարդութեան համար: Պէտք է խոստովանիլ, որ ճեմարանական կեանքի դիմորդները առհասարակ համեստ դասակարգի պատկանող երիտասարդներ կը լինին: Թերեւս այս է աւելի Քրիստոնէականը: Ինչպէս որ Քրիստոսը ընտրեց ձկնորսներէն եւ ռամիկ մարդոցմէ իրեն աշակերտներ եւ առաքեալներ, որոնք յեղաշրջեցին աշխարհը, նոյնպէս եկեղեցին, այսպիսի համեստ կոչումները արժեւորելով, կը կազմէ ազդու բանակներ` հոգեւոր գործը յառաջ տանելու համար: Ճեմարանական կեանքը դիւրին չէ երբեք: Իր աչքը ետեւ մնացած ունեւորի զաւակ երիտասարդներու համար յատկապէս շատ դժուար է ստանցնել ժառանգաւորի մը եւ տիրացուի մը կարգապահութիւնն ու նուիրումը:
-Սրբազան, ըստ Ձեզ, ինչի՞ կարիքն ունեն այսօր երիտասարդները, և ի՞նչն է Ձեզ մտահոգում նրանց մեջ:
-Երիտասարդները միշտ ճշգրիտ խրատի պէտք ունին, թէեւ իրենք հակառակը կը կարծեն: Ազդեցիկ միջոցներով` մեդիայի, հեռուստակայաններու, երաժշտութեամբ եւ գեղարուեստի բոլոր տեսակներով Աստուած եւ քրիստոնէութիւնը անոնց հասանելի դարձնելու կարիքը ունինք:
Երիտասարդները պէտք է իմանան, որ կեանքի տարբեր մօտեցումներ ալ կան, եւ ամէն ինչ նիւթ եւ հաճոյք չէ: Դժբախտաբար, աղանդաւորները աւելի դիւրին կը հասնին երիտասարդներուն այս միջոցներու ազդու գործածութեամբ: Ըստ տուեալներու` աղանդներու յաճախողներուն քառասուն տոկոսը կը կազմեն երիտասարդները: Մեր եկեղեցին հաւատքը երիտասարդներուն գրաւիչ դարձնելու մէջ դժուարութիւններ ունի: Հին աւանդութիւնները միշտ չէ, որ կը դիւրացնէ ճամբան, որպէսզի երիտասարդները եւ մանուկները Քրիստոսին գան:
-Ի՞նչ կարող է տալ ճեմարանն ուսանողին:
-Ուսում, կրթութիւն, կարգապահութիւն եւ տեսիլքներ՝ ապագայի իր հոգեւորականի պաշտօնին զինք պատրաստող: Ճեմարան կը մտնէ որպէս տհաս, խակ եւ անփորձառու պատանի մը եւ կը դարբնուի որպէս տոկուն ու հասուն երիտասարդ մը, որ կարող է այլեւս Քրիստոսի քաղցր լուծը տանելու թէ՛ իրեն համար, եւ թէ՛ ուրիշներուն: Ճեմարանականի ընտրած ուղին նախ եւ առաջ կոչում մըն է երկնային` Աստուծոյ քահանաներ դառնալու եւ երկինքի շնորհները բաժնելու մարդկանց: Հետեւաբար` ան կը կրթուի` իմանալու համար, թէ ո՞վ է Աստուած եւ ո՞վ է մարդը` իր հոգիի եւ մտքի խնդիրներով ու անդունդներով եւ հասկնալով անոր պահանջները:
Փառաւոր կեանք է եկեղեցական ասպարէզը, եթէ մէկը կոչում ունի: Աստուծոյ Որդին մարմնացաւ եւ վարդապետ եղաւ. աւելի լաւը չկար որովհետեւ, որովհետեւ անմահ հոգիներու փրկութեան նուիրուած գործ մըն է մերինը: Ինչպէս Պօղոս առաքեալը կըսէ. «Աստուծոյ գործակիցներն ենք մենք»: Սակայն սկզբէն ի վեր երբեք հեշտ եւ դիւրին չէ եղած եկեղեցական ասպարէզը, եւ մեր Տէրը երբեք ծաղկաւէտ, լայն եւ հանգիստ ճամբայ մը չէ խոստացած մեզի:
-Ըստ Ձեզ` ո՞րն է ճեմարանի դերն ազգային-եկեղեցական կյանքում:
-Գեւորգ Դ Կաթողիկոսի անգնահատելի այս ժառանգը այսօր եւս նոյն ուժգնութեամբ կը պսպղայ Հայ իրականութեան մէջ` գրաւելով հայեացքները կրօնական կամ աշխարհիկ շրջանակներուն: Անկախ Հայաստանի ժողովուրդը բոլոր ժամանակներէն աւելի պէտքը կը զգայ վերագտնելու մոռացութեան մատնուած իր հոգեւոր արմատները, իր Քրիստոնէութիւնը եւ Սուրբ Խաչի Խորհուրդը, որ Հայու հարազատ հոգին է եւ երկու հազար տարիներ կը շրջի մեր հայրենիքի վրայ եւ կը գերիշխէ օդին, ջրին եւ մեր լեռներուն, մեր կերած հացին եւ մեր երազներուն: Խաչակիր ազգ մըն ենք մենք, եւ այս է մեր հոգին, աստուածատուր կոչումը մեր եւ մեր առաքելութիւնը պատմութեան մէջ: Եթէ կորսնցնենք այս արմաները, շատ բաներ կը կորսնցնենք մեր ինքնութենէն, իսկ եթէ փարինք եւ նոյնանանք այդ հոգիով եւ արմատներով, անոնք կը շնորհեն մեզի երկինքի եւ երկրի բոլոր բանալիները:
Ներկայ հայ իրականութիւնը խաւար անկիւններով լեցուն է` աղանդաւորներու ոտնձգութիւնը, համատարած կրօնական տգիտութիւնը, աղքատութիւնը, բարոյալքութիւնը, ընտանիքի քայքայումը, ֆինանսներու պակասը, սփիւռքեան այլասերումը եւ ճերմակ ջարդը: Մենք այս խաւարին դէմ չենք ուզէր հայհոյել, այլ կուզենք մոմ մը վառել, եւ ահա´ ճեմարանը ունի այդ բոցը, եւ շրջանաւարտ աշակերտները մէկ մէկ մոմեր են` վառուած եւ ուղարկուած դէպի հայաշխարհը, որպէսզի անոնք շրջին այս տխուր եւ ճամբան շուարած բազմութիւններու մէջ եւ Աւետարանի բարի լուրը տարածեն մեր վիրաւոր եւ մխիթարանքի, շատ մխիթարանքի կարիք ունեցող փառաւոր ժողովուրդի զաւակներու մէջ: Անոնց կը սպասեն գլուխը խառնուած երիտասարդը, հիւանդանոցի մէջ տառապողը, աղքատը եւ հարուստը: Մանուկներ կը սպասեն անոնց, որպէսզի սորվեցնեն «Հայր մերը» եւ եկեղեցիի ճամբան: Անոնցմէ ճառագայթելիք երկինքի ժպիտին պէտք ունին բոլորը:
Ուրեմն` հայ հոգիի պահպանման, աշխուժացման, փայփայման եւ հաստատման վայրն է Գեւորգյան հոգեւոր ճեմարանը, ուստի արժանի է ամբողջ ազգի յատուկ գուրգուրանքի եւ հետաքրքրութեան առարկայ դառնալու: Եկեղեցական կամ աշխարհական` մեր բոլորի գործն է բարձրացնել այս հաստատութիւնը, որպէսզի ան ալ իր կարգին կարողանայ բարձրացնել եւ խթանել հայկական ոգին:
Աստուծոյ խօսքը հասկնալ, մեր պապերու հաւատքին եւ աւանդութիւններուն ծանօթանալ եւ իւրացնել զանոնք, կրթել մեր հոգիները եւ գտնել երկինք տանող ճամբան, լոյս եւ աղ լինել այս տխուր աշխարհի մէջ. Ահա այս հոգեւոր աշխատանքին նուիրուած է այս վաղեմի հաստատութիւնը:
-Ինչպիսի՞ն կցանկանայիք տեսնել ճեմարանը:
-Ուրախ, լուսաւոր եւ կայտար երիտասարդներու ճամբարի մը նման, ուսման եւ սրբութեան իդէալները ընդելուզուած իրարու հետ` առանց դաւաճանելու ոչ մեկուն: Ճեմարանը աւելի գործնական միջավայրի մը վերածելու պահանջը առկայ է ընդմիշտ: Երբեմն կը զգայի, որ տեսական գիտելիքները կը ծանրակշռէին կիրարականին եւ մենք աշակերտները իբր ապագայ հովիւներ բաւականաչափ չէինք կրթեր դաշտին համար՝ զուտ ակատեմիկ հետապնդումներու խճողումով: Դաշտէն եկած գանգատները լսելու եւ ըստ այնմ ճեմարանները միշտ վերակազմութեան ենթարկելու իմաստութիւնն ու ճկնութիւնը ունենալու ենք անպայման:
Աղբյուրը` «Քրիստոնյա Հայաստան» երկշաբաթաթերթ, 2014, Դեկտեմբեր Բ, Թիվ 24 (428)
Հարցազրույցը` Մարիամ Ավետիսյանի